Search
Close this search box.

ԼԻՒՔՍԵՄՊՈՒՐԿ – Բարեսիրական տօնավաճառ՝ յաջակցութիւն Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն

Դեկտեմբեր 15-ին, Լիւքսեմպուրկի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ հայ համայնքի գործակցութեամբ տեղի ունեցած է բարեսիրական տօնավաճառ մը, ուր տեղւոյն հայութեան կողմէ պատրաստուած ուտեստներու եւ անուշեղէններու վաճառքէն գոյացած ամբողջ հասոյթը յատկացուած է «Լորիկ» մարդասիրական հիմնադրամին՝ Արցախէն բռնի տեղահանուածներու կարիքներուն աջակցելու նպատակով:

Լիւքսեմպուրկի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան գրասենեակի պատասխանատու Արփինէ Խաչատրեան շնորհակալութիւն յայտնելով նախաձեռնութեան համար ընդգծած է, թէ նման ձեռնարկներուն նպատակը ոչ միայն նիւթական աջակցութեան ցուցաբերումն է, այլեւ հայրենիքէն հեռու գտնուելով՝ հայրենակիցներու կարիքներուն եւ դժուարութիւններուն զօրակցելու արտայայտութիւնը։

Նշենք, թէ սոյն նախաձեռնութեան հեղինակն է Լիւքսեմպուրկի հայ համայնքի ներկայացուցիչ Ֆրանսի Տէրտէրեան։