Search
Close this search box.

ՊՐԻՒՍԷԼ – Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարը կոչ յղած է Եւրոպական Միութեան՝ զարգացնելու յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ

Դեկտեմբեր 16-ին, Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պառօ լրագրողներու հետ ասուլիսին կոչ յղած է Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) երկիրներուն զարգացնելու յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ։

“Կոչ կ՚ուղղեմ ԵՄ երկիրներուն զարգացնելու Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները, որուն հաւատարիմ է Ֆրանսա։  Պէտք է կարողանանք Հայաստանին տրամադրել այն աջակցութիւնը, զոր ակնկալելու իրաւունք ունի այդ երկիրը”,– ընդգծած է ֆրանսացի դիւանագէտը։

Նշենք, թէ այս կոչէն քանի մը օր առաջ Իտալիոյ Սպայակոյտի ներկայացուցիչները Հայաստանի մէջ ստորագրեցին Հայաստան-Իտալիա պաշտպանութեան գործակցութեան 2025-ի ծրագիրը։ Իսկ քանի մը ամիս առաջ ալ Հռոմի մէջ ստորագրուեցաւ երկու երկիրներու ռազմական գործակցութեան տարեկան ծրագիրը։