Դեկտեմբեր 17-ին Ֆրանսա կատարած աշխատանքային այցի շրջանակին մէջ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի Բանակներու նախարար Սեպասթիէն Լըքոռնիւի հետ։
Հանդիպման սկիզբը նախարար Պապիկեան իր ցաւակցութիւնը յայտնած է Հնդկական ովկէանոսին՝ ֆրանսական Մայոթ կղզիին մէջ տեղի ունեցած մրրիկի զոհերուն համար եւ վիրաւորներուն ալ մաղթած է արագ ապաքինում։
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են պաշտպանութեան ոլորտին մէջ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ համագործակցութեան ընթացիկ հարցերը։
Սուրէն Պապիկեան ընդգծած է Սեպասթիէն Լըքոռնիւի հետ նախապէս կնքուած պայմանագրերու, ինչպէս նաեւ այս հանդիպման ընթացքին կնքուելիք նոր պայմանագրերու նկատմամբ բծախնդիր յարգանքի կարեւորութիւնը։
Երկու կողմերը վերահաստատած են, որ իրենց համագործակցութիւնը հիմնուած է հաստատութենական եւ երկարաժամկէտ սկզբունքներու վրայ։
Սեպասթիէն Լըքոռնիւ հաւաստած է իր ցանկութիւնը աւելի զարգացնելու համագործակցութիւնը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։