Search
Close this search box.

Ազերպայճան՝ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն դէմ քրէական գործի շրջանակին մէջ Հայաստանը համագործակցելու հրաւիրած է

Այս խորագիրը կատակ մը չէ. նիւթն ալ արդէն կատակի պատշաճ չէ։

Ազեր­պայճա­նի ընդհա­նուր դա­տախա­զու­թիւնը Հա­յաս­տա­նի պատ­կան մար­միննե­րը հրա­ւիրած է հա­մագոր­ծակցե­լու Պա­քուի մէջ բան­տարկուած՝ Ար­ցա­խի Հան­րա­պետու­թեան նախ­կին ռազ­մա­քաղա­քական ղե­կավար­նե­րուն դէմ յա­րու­ցուած քրէական գոր­ծե­րուն կա­պակ­ցութեամբ:

«Ազեր­պայճա­նի դա­տախա­զու­թիւնը, հիմ­նուելով լուրջ ապա­ցոյցնե­րու վրայ, թէ յա­րու­ցուած ամ­բաստա­նու­թիւննե­րու առնչուող բազ­մա­թիւ կաս­կա­ծեալ­ներ, ինչպէս նաեւ վկա­ներ կը գտնուին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան տա­րած­քին մէջ, Հա­յաս­տա­նի պատ­կան մար­միննե­րը հրա­ւիրած է հա­մագոր­ծակցու­թեան»,– նշուած է այդ երկրի դա­տախա­զու­թեան հրա­պարա­կած հա­ղոր­դագրու­թեան մէջ։

Դա­տախա­զու­թիւնը նաեւ յայտնած է, թէ բռնագ­րա­ւուած Ար­ցա­խի Հան­րա­պետու­թեան ռազ­մա­քաղա­քական ղե­կավար­նե­րուն դէմ քրէական գոր­ծը ու­ղարկուած է Պա­քուի զի­նուո­րական դա­տարան:

Հա­ղոր­դագրու­թեան մէջ ընդգծուած է, թէ «հե­տաքննու­թիւն կա­տա­րուած է յար­ձակման, բռնագ­րաւման, ցե­ղաս­պա­նու­թեան, խա­ղաղու­թեան և մարդկու­թեան դէմ ոճիր­նե­րու, ռազ­մա­կան յան­ցա­գոր­ծութիւննե­րու, ահա­բեկ­չութեան, ահա­բեկ­չութեան գան­ձատրման եւ բազ­մա­թիւ այլ ոճիր­նե­րու փաս­տե­րով, որոնք գոր­ծուած են Ազեր­պայճա­նի Հան­րա­պետու­թեան եւ անոր ժո­ղովուրդին դէմ»։

Ազեր­պայճա­նական լրաս­փիւռնե­րուն հա­մաձայն՝ դա­տարա­նը պի­տի քննէ 15 ան­ձի նկատ­մամբ 2548 ամ­բաստա­նու­թիւններ բո­վան­դա­կող գոր­ծը։ Կը մե­ղադ­րուին Ար­կա­դի Ղու­կա­սեան, Արա­յիկ Յա­րու­թիւնեան, Բա­կօ Սա­հակեան, Դա­ւիթ Իշ­խա­նեան, Դա­ւիթ Բա­բայեան, Լե­ւոն Մնա­ցակա­նեան, Դա­ւիթ Մա­նու­կեան, Գա­րիկ Մար­տի­րոսեան, Մե­լիք­սեթ Փա­շայեան, Դա­ւիթ Ալահ­վերդեան, Գուրգէն Ստե­փանեան, Լե­ւոն Բա­լայեան, Մա­դաթ Բա­բայեան, Վա­սիլի Կա­զարեան, Էրիկ Ղա­զարեան։