Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխնախարարը խորքային փոփոխութիւններ կը նկատէ Եւրոպական Միութեան եւ ԱՄՆ-ու հետ յարաբերութիւններուն մէջ

Երեւանի մէջ, երկու տարբեր կլոր-սեղաններով տեղի ունեցած՝ «Մարտահրաւէրներ եւ հնարաւորութիւններ՝ 2025-ին ընդառաջ» քննարկման ընթացքին Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխնախարար Պարոյր Յովհաննիսեան ըսած է, թէ 2024-ին Հայաստանի՝ Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններուն մէջ տեղի ունեցած են խորքային փոփոխութիւններ եւ դրական զարգացումներ, որոնք այդ յարաբերութիւնները բարձրացուցած են աւելի ռազմավարական մակարդակի։

Խօսելով Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններուն մասին՝ փոխնախարարը յիշեցուցած է, որ Եւրոպական Միութիւնը Հայաստան ղրկած է փաստահաւաք առաքելութիւն, նպատակ ունենալով ստեղծել գործընկերութեան նոր օրակարգ։ Ըստ նախարարին՝ բանակցութիւնները կ՚աւարտին քանի մը շաբաթէն։   

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի քաղաքացիներուն համար Եւրոպական Միութեան անցագրի ստիպողութեան ջնջումի գործընթացին՝ փոխնախարարը ըսած է, որ Հայաստան տարիներէ ի վեր կ՚աշխատի այդ ուղղութեամբ, եւ ներկայիս սկսած են այդ հարցին շուրջ բովանդակային բանակցութիւնները։ 

Պարոյր Յովհաննիսեան նաեւ նշած է, որ 2024 տարին Եւրոպական Միութեան եւ ԱՄՆ-ու կողմէ  Հայաստանին տրամադրուած քաղաքական աջակցութեան առումով նոյնպէս աննախադէպ եղած է։  

Ըստ փոխնախարարին՝ 2024-ը առանձնայատուկ եղած է նաեւ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ ընդհանուր յարաբերութիւններու տեսանկիւնէն։