Search
Close this search box.

ՍՈՒՐԻԱ – Առաջնորդ Սրբազան հօր հովուական գօտեպնդիչ այցելութիւնը քեսապահայութեան

Դեկտեմբեր 22-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան հովուական այցելութեամբ ժամանեց Քեսապ, ուր ջերմապէս դիմաւորուեցաւ Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Եսայի վրդ. Էօրտէքեանի եւ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին կողմէ:

Սրբազան հայրը հանդիպում ունեցաւ հոգեւոր տեսուչին եւ թաղական խորհուրդին հետ եւ անոնց հետ քննարկեց ներկայ իրավիճակին առնչուող հարցեր:

Այնուհետեւ, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցեց Եսայի վրդ. Էօրտէքեան, Սրբազան հօր ընկերակցող պատուիրակութեան եւ քեսապահայութեան ներկայութեամբ:

Առաջնորդ Սրբազան հայրը քեսապահայութեան հաղորդեց օրուան պատգամը։ Անդրադառնալով ներկայիս տիրող իրավիճակին, Սրբազան հայրը յուսադրեց ժողովուրդի զաւակները՝ յայտնելով, որ Բերիոյ Հայոց թեմի ազգային իշխանութիւնը իր բոլոր ուժերով  եւ կարողութիւններով միշտ ժողովուրդին կողքին է եւ պիտի մնայ: Ան գօտեպնդեց հաւատացեալները եւ պատուիրեց, որ չվախնան, երեւոյթներէն չազդուին, այլ ընդհակառակն՝ իրենց հաւատքը գործի լծած պայքարին, համբերութեամբ սպասեն եւ անպայման լաւ պիտի ըլլայ։ Ան յիշեցուց, որ ժամանակ կը պահանջէ եւ այդ ժամանակին մէջ մենք պէտք է զգօն եւ զգաստ ըլլանք, իրարու թեւ թիկունք կանգնինք, զիրար քաջալերենք եւ ո՛չ թէ զիրար յուսահատեցնենք եւ միշտ մեր հայեացքը դէպի փայլուն ապագայ ուղղենք։ 

“Հիմա ժամանակն է հաւատքի կեցուածք ճշդելու, համբերութեամբ սպասելու եւ պայքարելու մինչեւ որ արդարութեան արեգակը ծագի եւ խաղաղութիւն տիրէ, ապահովութիւնը վերահաստատուի եւ կեանքը իր բարօր ընթացքին մէջ մտնէ”,– ընդգծեց Առաջնորդ սրբազանը։