Դեկտեմբեր 31-ին՝ Ամանորի եւ Սուրբծննդեան տօներուն ընդառաջ, Ամենայն հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունած է արցախցի երիտասարդ ընտանիքները՝ ուղեկցութեամբ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի։
Վրթանէս սրբազան ընդգծած է, թէ Մայր Աթոռ այցելած են նորածին զաւակներ ունեցող արցախցի ընտանիքներ՝ ստանալու Նորին սրբութեան օրհնութիւնը։
Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը օրհնած է հայորդիները եւ իր զօրակցութիւնը յայտնած անոնց, յատկապէս ներկայի ծանր պայմաններուն տակ, երբ անոնք կը յաղթահարեն բռնի տեղահանութեան հետեւանքով իրենց առջեւ ծառացած դժուարութիւնները։ Գարեգին Բ. առանձնայատուկ կերպով շեշտած է արցախցի նորածին մանուկներու ներկայութիւնը՝ Մայր Աթոռ, զանոնք համարելով կեանքի, յոյսի մարմանցում եւ ազգի յարատեւութեան գրաւականը:
Կաթողիկոսը մաղթած է, որ ծնողներու խնամքի եւ սիրոյ ներքոյ փոքրիկները հասակ առնեն եւ Աստուծոյ օրհնութեամբ օր մը վերադառնան իրենց հայրենի բնօրրան, հայրենական օճախները։
Նոյն օրը Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը այցելած է Էջմիածնի ծննդատունը։
Հաստատութեան ղեկավարութեան առաջնորդութեամբ Գարեգին Բ. տեսակցած է նորածին մանուկներու մայրերուն հետ, օրհնած ու աղօթած անոնց քաջառողջութեան եւ երջանկութեան համար։
Այնուհետեւ Հայոց հայրապետը զրուցած է բուժարանի անձնակազմին հետ, բարձր գնահատելով վերջիններուս մատուցած ազգօգուտ ծառայութիւնը:
Այցի աւարտին, Մայր Աթոռի Ընկերային ծառայութիւններու գրասենեակին կողմէ ամանորեայ նուէրներ բաշխուած են բոլոր փոքրիկներուն ու անոնց մայրերուն:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։