Search
Close this search box.

ԵՐԵՒԱՆ – Սերժ Աւետիքեանի նախաձեռնութեամբ ծայր առած են երկլեզու դրամատիկական արուեստանոցի աշխատանքները

Յունուար 10-ին ծայր առած են երկլեզու՝ հայերէն-ֆրանսերէն դրամատիկական արուեստանոցի աշխատանքները, զորս կը վարէ դերասանուհի Լիզա Թորոմանեան։ Ծրագրին նախաձեռնած է ֆրանսահայ բեմադիր Սերժ Աւետիքեան։

Արուեստանոցը կը միաւորէ 60 թեկնածուներէն ընտրուած 25 հայ երիտասարդ արուեստագէտներ, որոնք ամէնամսեայ դասընթացքներուն կը մասնակցին ֆրանսացի մասնագէտներուն հետ։

Երկրորդ տարին անընդմէջ արուեստանոցի աշխատանքները տեղի կ՚ունենան Երեւանի թատրոնի եւ շարժանկարի պետական հիմնարկին մէջ, իսկ Յուլիսին կայանալիք եզրափակիչ փուլը առաջին անգամ ըլլալով պիտի ընթանայ Ֆրանսայի հիւսիսը՝ Վիլեր-Գոթրէ գտնուող Ֆրանսերէն լեզուի միջազգային աւանին մէջ։