Search
Close this search box.

Բազմաբեւեռ ռազմավարութեան մշակում

Հայաս­տա­նի շուրջ մի­ջազ­գա­յին քա­ղաքա­կան եւ ռազ­մա­վարա­կան ու­շա­դրու­թիւնը եր­թա­լով կը մեծ­նայ, մա՛նաւանդ նկա­տի առած՝ Յու­նուար 7-ին Իլ­համ Ալիեւի տեղական լրա­սփիւռ­ներուն տուած հար­ցազրոյ­ցի ըն­թացքին Հա­յաս­տա­նի հաս­ցէին կա­տարած սար­սա­փելի սպառ­նա­կան յայ­տա­րարու­թիւննե­րը. «Հա­յաս­տա­նի զի­նու­մը սպառ­նա­լիք է ամ­բողջ տա­րածաշրջա­նին հա­մար եւ կրնայ յան­գեցնել նոր լա­րումի… Հա­յաս­տա­ն ֆա­շա­կան պե­տու­թիւն է։ Զայն շուրջ 30 տա­րի ղե­կավա­րած են ֆա­շա­կան գա­ղափա­րախօ­սու­թեան ջատագովնե­րը, որոնք իրենց այդ մօտե­ցումով ալ կեր­տած են եր­կի­րը։ Անոր հա­մար պէտք է ոչնչաց­նել այդ ֆա­շականութիւնը։ Կա՛մ Հա­յաս­տա­նի ղե­կավա­րու­թիւնը կ՚ոչնչաց­նէ զայն, կա՛մ ալ կ՚ոչնչաց­նենք մենք. այլ ելք չու­նինք… Զան­գե­զու­րի մի­ջանցքը պէտք է բա­ցուի ու պիտի բա­ցուի։ Որ­քան շուտ հասկնան՝ այնքան լաւ»։ Դեռ աւե­լի հե­ռուն եր­թա­լով Ալիեւ Հա­յաս­տա­նին զէնք մա­տակա­րարող երկիրնե­րէն պա­հան­ջած է ջնջել պայ­մա­նագ­րե­րը։ Եւ վեր­ջա­պէս, պա­հան­ջած է լու­ծա­րքի ենթարկել Մինսկի խումբը։

Այս բո­լորին դի­մաց Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թիւնը որո­շեց ըն­դա­ռաջել Եւ­րո­պական Միու­թեան ան­դա­մակ­ցութեան ժո­ղովրդա­յին դի­մու­մին, ինչպէս նաեւ հա­մաձայ­նիլ եր­կու տա­րի եր­կա­րաձ­գե­լու Հա­յաս­տա­նի մէջ ԵՄ-ի Քա­ղաքա­ցիական դի­տոր­դա­կան առա­քելու­թեան տե­ղակա­յու­մը։ Պա­քուի սպառ­նա­լից պա­հանջնե­րուն մաս կը կազ­մէ նաեւ հեռացումը այդ դի­տոր­դա­կան առա­քելու­թեան, զոր կը նկա­տէ տա­րածաշրջա­նի կա­յու­նութիւ­նը խախ­տող ազ­դակ։

Իսկ ինչ կը վերաբերի ԱՄ­Ն-ու հետ յարաբերութիւններուն՝ նախ­քան նա­խա­գահ Թրամ­փի իշ­խա­նու­թեան գլուխ գա­լը, Արտաքին գործոց նախարարներ Պլին­քը­ն եւ Միրզոյեան, Երեք­շաբթի, Յու­նուար 14-ին Ուաշինկթընի մէջ կնքեցին ԱՄՆ–Հա­յաս­տան ռազ­մա­վա­րա­կան գոր­ծընկե­րու­թեան հա­մա­ձայ­նագիրը, որ կարելիու­թիւն պի­տի ըն­ձե­ռէ ընդլայնելու եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ հա­մագոր­ծակցու­թիւ­նը՝ տնտե­սու­թեան, անվտան­գու­թեան եւ պաշտ­պա­նու­թեան, ժո­ղո­վրդա­վա­րու­թեան եւ ար­դա­րա­դա­տու­թեան ոլորտ­նե­րուն մէջ։

Ռու­սաստա­նի ղե­կավա­րու­թեան հա­կազ­դե­ցու­թիւննե­րը ԵՄ-ի եւ ԱՄՆ-ու հետ Հա­յաս­տա­նի գոր­ծակցու­թեան նա­խաձեռ­նութիւննե­րուն՝ սուր են, առար­կա­յական. ռուսական կողմը կը յի­շեց­նէ կարգ մը առա­ւելու­թիւններ, որոնցմէ Հա­յաս­տան կ՚օգ­տուի՝ յատ­կա­պէս տնտե­սական գետ­նի վրայ, առանց գոր­ծակցու­թիւննե­րը կա­սեց­նե­լու կա­րողու­թիւնը ու­նե­նալու։ Յատ­կանշա­կան է Ռու­սաստա­նի նախ­կին նա­խագահ Տմիթրի Մետվետեւի հեգ­նա­կան ար­տա­յայ­տութիւ­նը՝ «Չեմ զար­մա­նար՝ եթէ մօ­րու­քը սափ­րած Փա­շինեան [Ազեր­պայճանի նա­խագա­հի յայ­տա­րարու­թիւննե­րէն ետք] վերյի­շէ, որ Հա­յաս­տա­ն ՀԱՊԿ-ի ան­դամ է»։ 

Այս մի­ջոցին Իրա­նի Անվտան­գու­թեան խոր­հուրդի քար­տուղա­րը Երե­ւա­նի մէջ Փա­շինեանի հետ հան­դիպումին կրկնած է, թէ Թեհ­րան կ՚աջակ­ցի «Խա­ղաղու­թեան խաչ­մե­րուկ» նա­խա­գի­ծի իրա­կանաց­ման՝ այն­տեղ ամ­րագրուած սկզբունքնե­րու հի­ման վրայ։

Վար­չա­պետ Փա­շինեան Ալիեւի սպառ­նա­լիք­նե­րուն հա­կադար­ձեց Յու­նուար 8-ին Դիմագիրքի իր էջին վրայ 12 կէ­տերէ բաղ­կա­ցած գրա­ռում մը կա­տարե­լով, ուր կ՚ամ­փո­փէ Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թեան՝ խա­ղաղու­թեան ի նպաստ ցայսօր որդեգրած խօ­սոյ­թի զա­նազան դրուագ­նե­րը, կա­րե­ւոր ճշդում­ներ կը կա­տարէ «Արեւմտեան Ազեր­պայ­ճան», «Արեւմտեան Հա­յաստան», «Արե­ւելեան Հա­յաս­տան» եզ­րե­րուն մասին։ Կը քննա­դա­տէ գաղ­թա­կ­­աննե­րու հար­ցը առըն­չե­լը «Արեւմտեան Ազեր­պայճան»-ին։ Կոչ կ՚ը­նէ հրա­ժարելու Հա­յաս­տա­նի հան­դէպ ռազ­մա­շունչ խօ­սոյ­թէ եւ ըն­դու­նելու տա­րածաշրջա­նին մէջ եր­կա­րատեւ կա­յու­նութիւն եւ խա­ղաղու­թիւն հաս­տա­տելու Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան առա­ջար­կը։

12-րդ եւ վեր­ջին կէ­տը կը վե­րաբե­րի Մինսկի խումբի լու­ծարքի ենթարկման, բայց միայն երբ  լու­ծում գտնեն 30 տա­րուան հա­կամար­տութեան ըն­թացքին կուտակուած խնդիր­նե­րը։

Ակնյայտ է որ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան բազ­մա­բեւեռ ռազ­մավարու­­թեան մշա­­կու­­մը պէտք է գնա­­հա­տել եր­­կա­­­րաժամ­­կէտ ժա­­մա­նա­­կահա­­տուա­­ծի մէջ։ Անոր կար­ճա­ժամ­կէտ ար­դիւնա­ւէտու­թեան մա­սին ամե­րիկ­եան Stratfor վեր­լու­ծա­կան կեդրո­նի փոր­ձա­գէտ­նե­րու գնա­հատա­կանը բնաւ դրա­կան չէ. «2025-ին Միացեալ Նա­հանգ­նե­­րէն լուրջ աջակ­ցութիւն ստա­ն­ալու Հա­յաս­տա­նի փոր­ձե­րը ան­­յա­ջո­ղու­թեան պի­տի մատ­նո­ւին։ Թրամ­­փի վար­չա­կազ­մին հա­մար առաջ­­նա­հերթ են Պա­քուի հետ սերտ կա­­պերը՝ որ­պէս տե­ղական հա­կակ­շիռ Ռու­սաս­տա­նի, Իրա­նի եւ Չի­նաս­տա­նի տա­րա­­ծաշրջա­նային ազ­դե­ցու­թեան»։ 

Ժ.Չ. ■