Յունուար 11-ին, Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Արմաշ եպիսկ. Նալպանտեան, ընկերակցութեամբ Ազգ. քաղաքական ժողովի անդամ Նազարէթ Նազարեանի, հովուական այցելութիւն մը տուած է Հոմսի հաւատացեալներուն: Այս առթիւ Առաջնորդ սրբազան հայրը Հոմսի Սուրբ Մեսրոպ եկեղեցւոյ մէջ մատուցած է Սուրբծննդեան պատարագ, ինչպէս նաեւ կատարած է Ջրօրհնէքի արարողութիւն: Ապա Սրբազան հայրը յաւուր պատշաճի քարոզած է:
Պատարագի երգեցողութիւնը ճոխացուցած է Ս. Մեսրոպ եկեղեցւոյ դպրաց դասը, երգեհոնի նուագակցութեամբ Անի Ճէմճէմեանի:
Առաջնորդ Սրբազան հօր այցելութիւնը կազմակերպած է Հոմսի թաղականութեան ատենապետ՝ Վազգէն Խաչատուրեան: Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնած է վերջինիս եւ Ս. Մեսրոպ եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան անդամուհիներուն, իրենց ազնիւ եւ նուիրեալ ծառայութեան համար:
Յաւարտ արարողութեանց եկեղեցւոյ սրահին մէջ Սրբազան հայրը հանդիպում եւ զրոյց ունեցած է հոմսահայերուն հետ եւ բոլոր ընտանիքներուն բաժնած նիւթական յաջորդական օժանդակութիւնը, թեթեւցնելու համար անոնց տնտեսական եւ ճգնաժամային բեռը:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։