ՀԲԸՄ-ի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» կեդրոնը իր յարկին տակ ընդունած է Հարաւային Գալիֆորնիոյ տարածքին ծագած հրդեհին հետեւանքով ամբողջութեամբ այրած Ալթատինայի «Սահակ Մեսրոպ» հայկական դպրոցի աշակերտները: Լուրը կը հաղորդէ Պըրպենքի Սրբոց Ղեւոնդեանց մայր տաճարի հոգեւոր հովիւ Խաժակ քահանայ Շահպազեան:
«Ընդառաջելով Յովնան սրբազանի (Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք․ Տէրտէրեան) խնդրանքին՝ ՀԲԸՄ-ի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» կեդրոնը իր դռները լայն բացած է, որպէսզի շուրջ 200 աշակերտ ապահով շարունակէ ուսումը»,– նշած է ան:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։