Այս խորագրին ներքեւ՝ «Արեւելք» առցանց թերթը, ապաւինելով լիբանանեան իր աղբիւրներուն՝ կը տեղեկացնէ, թէ Պէյրութի Էշրեֆիէ քրիստոնէական շրջանի իր տան մէջ սպանուած է ազգային ծանօթ ու աշխուժ գործիչ Վաչէ Արսլանեան։
Ըստ տեղեկութիւններու՝ սպանութիւնը գործուած է հաւանաբար կողոպուտի նպատակով. զոհը կապած են մահճակալին, ծեծած ու հրազէնով սպանած։
Վաչէ Արսլանեան ձեռնարկատէր էր, «Սուրբ Յակոբ» եկեղեցւոյ թաղական։ Սպանութեան մանրամասնութիւնները յայտնի չեն, միայն կը նշուի, թէ դէպքի պահուն ան առանձին էր տունը, իր ընտանիքի անդամները հոն չէին։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։