Ինչպէս հաղորդած էինք (տե՛ս. «ՆՅ»-ի Յունուար 21-ի թիւը) «Défis humanitaires» ֆրանսական կազմակերպութեան կողմէ իրականացուող «Ժամանակակից ֆրանսերէն գրականութեան 2700 գիրք` Հայաստանի աշակերտներուն» նախաձեռնութեան ծիրէն ներս, Հայաստան ժամանած է ֆրանսացի գրող Սիլվէն Թեսոնի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմեն Ֆրանսայի Հրատարակիչներու ազգային արհմիութեան (Syndicat national de l’édition – SNE) նախագահ Վենսան Մոնթանյը, ընդհանուր տնօրէն Ռընօ Լըֆեվր, «Մարդասիրական մարտահրաւէրներ» (Défis humanitaires) կազմակերպութեան նախագահ Ալէն Պուանէ եւ լրագրող-լուսանկարիչ Անթուան Ակուճեան։
Յունուար 22-ին, պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի (ԿԳՄՄ) փոխնախարար Դանիէլ Դանիէլեանի հետ։ Ներկայ եղած է նաեւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան մշակութային հարցերու կցորդ Զաւիէ Ռիշար։
Փոխնախարարը ողջունած է հիւրերը եւ շնորհակալութիւն յայտնած նախաձեռնութեան համար։ “Կրթութեան եւ մշակոյթի բնագաւառներու մէջ մենք այսօր բարեփոխումներու փուլին ենք եւ այս համածիրին մէջ շատ կարեւոր է միջազգային փորձառութեան ուսումնասիրութիւնը եւ յատկապէս Հայաստանի մէջ տարբեր ծրագրերով ֆրանսախօսութիւնը զարգացնելու կարելիութիւնները, իսկ ձեր նախաձեռնութիւնը կ՚ամբողջացնէ այս ուղղութեամբ որդեգրուած քաղաքականութիւնը”,– ըսած է ան:
Հանդիպումին կողմերը քննարկած են մշակոյթի ու գրականութեան ծիրին մէջ գործակցութեան հեռանկարները, փորձառութեան փոխանակումները եւ ստեղծարար ներուժի բացայայտումն ու զարգացումը:
Ֆրանսացի հիւրերը անդրադարձած են Փարիզի գիրքի միջազգային փառատօնին, ընդգծելով Հայաստանի մասնակցութեան կարեւորութիւնը՝ համագործակցութեան զարգացման տեսանկիւնէն:
Պատուիրակութեան անդամները հանդիպում ունեցած են նաեւ հայ հրատարակիչներու եւ ֆրանսերէն սորվողներու հետ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։