Վարչապետը ելոյթ ունեցած է Ատլանտեան խորհուրդի նիստին եւ պատասխանած փորձագէտներու հարցումներուն

 

Փետրուար 4-ին, վարչապետ Փաշինեան մասնակցած է Ատլանտեան խորհուրդի նիստին, ուր նախ պատասխանած է Կազմակերպութեան Եւրասիոյ կեդրոնի տնօրէն, Ուզպէքիստանի եւ Ուքրաինայի մէջ ԱՄՆ-ու նախկին դեսպան Ճոն Հերպսթի հարցումներուն: Այնուհետեւ նիստը շարունակուած է փակ ձեւաչափով, որու ծիրին մէջ ան պատասխանած է փորձագէտներու շարք մը հարցումներուն:

Այնուհետեւ Փաշինեան հանդէս եկած է ելոյթով։ Ազերպայճանի եւ Թուրքիոյ հետ Հայաստանի յարաբերութիւններուն անդրադառնալով ան յատկապէս ըսած է.

“Գիտէք, որ մեր երկրի չորս սահմաններէն երկուքը ամբողջութեամբ փակ են, խօսքս՝ Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի հետ մեր սահմաններուն մասին է։ Մենք ունինք երկու սահման եւս՝ Վրաստանի եւ Իրանի հետ։ Ի հարկէ, այս երկու սահմանները մեզի համար շատ կարեւոր են, մենք կը համագործակցինք, ունինք լաւ յարաբերութիւններ մեր երկու դրացիներուն՝ Վրաստանի եւ Իրանի հետ, բայց մենք կը փափաքինք նոր դարաշրջան բանալ Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի հետ մեր յարաբերութիւններուն մէջ։

Նախորդ տարիներուն հսկայական յառաջընթաց արձանագրեցինք Ազերպայճանի հետ խաղաղութեան գործընթացին մէջ։ Որպէսզի այս յառաջընթացը ըմբռնելի ըլլայ ձեզի համար, գիտէք, որ հիմա մենք Ազերպայճանի հետ կը քննարկենք խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծը եւ այժմ այդ պայմանագրի 17 կէտէն 15-ին շուրջ ամբողջական համաձայնութեան հասած ենք եւ կը մնայ երկու կէտ, որոնց շուրջ դեռ պէտք է վերջնական համաձայնութեան հասնինք։ Յոյս ունինք այս գործընթացը աւարտին հասցնելու կարելի եղածին չափ արագ։ Ի հարկէ, Ազերպայճանի հետ կ՚աշխատինք երկկողմ ձեւաչափով, բայց ակնյայտօրէն միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնն ու աջակցութիւնը շատ օգտակար պիտի ըլլար կայուն խաղաղութեան հասնելու նպատակին մէջ պատշաճ միջավայր ստեղծելու համար։

Մենք Թուրքիոյ հետ բաւական աշխուժ երկխօսութիւն ունինք։ Վերջին տարիներուն ես քանի մը հանդիպում ունեցայ Թուրքիոյ նախագահին հետ, ներկայ գտնուեցայ Թուրքիոյ նախագահի երդման արարողութեան, վերջերս հանդիպում ունեցանք Նիւ Եորքի մէջ` ՄԱԿ-ի համաժողովի շրջանակէն ներս, եւ մենք շատ յստակ համաձայնութիւն ունինք՝ առաջին փուլով բանալու մեր սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու եւ դիւանագիտական անցագիր կրողներու համար, եւ յոյս ունինք կարելի եղածին չափ արագ հասնելու այս համաձայնագրի իրականացման։ Մենք կ՚աշխատինք այդ ուղղութեամբ։

Միւս կողմէ մենք կը խորացնենք համագործակցութիւնը տարածաշրջանային այլ գործընկերներու հետ, նկատի ունիմ՝ Վրաստանի եւ Իրանի հետ։ Ի հարկէ, կայ միջազգային այնպիտի իրավիճակ մը, որ կը խոչընդոտէ մեր դրացիներուն հետ յարաբերութիւններու խորացման ու այս հանգամանքները բոլորին յայտնի են, ես զանոնք պիտի չնշեմ հոս։

Բայց կը կարծեմ` կը յաջողինք նկատի ունենալ այս բոլոր հանգամանքները, իսկ միւս կողմէ զարգացնել յարաբերութիւնները դրացիներուն հետ։ Ի հարկէ, յոյս ունինք, որ մեր տարածաշրջանային իրավիճակին մէջ կը յառաջանայ բեկում, երբ յաջողինք վերջնական տեսքի բերել Ազերպայճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրը եւ ստորագրել զայն, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ հետ հասնիլ յարաբերութիւններու կարգաւորման, ինչ որ ոչ միայն ամբողջութեամբ պիտի փոխէ տարածաշրջանային իրավիճակը, այլ նաեւ կը կարծեմ` շատ շօշափելի ու զգալի ազդեցութիւն պիտի ունենայ միջազգային իրավիճակին վրայ”: