ԹԵՀՐԱՆ – Հայաստանի դեսպանը մասնակցած է Իրանի Իսլամական Յեղափոխութեան 46-րդ տարեդարձին նուիրուած պաշտօնական արարողութեան

Փետրուար 6-ին, Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յակոբեան մասնակցած է Իրանի Իսլամական Յեղափոխութեան 46-րդ տարեդարձին նուիրուած պաշտօնական արարողութեան, որուն ներկայ գտնուած են երկրին մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ, միջազգային կառոյցներու ղեկավարներ:

Արարողութեան շրջանակին մէջ Հայաստանի դեսպանը կարճատեւ  զրոյց ունեցած է նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանի հետ եւ վերջինիս հաղորդած՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ջերմ ողջոյններն ու Յեղափոխութեան յաղթանակի օրուան կապակցութեամբ շնորհաւորանքը: