Նախագահ Մաքրոն ստուար հարցազրոյց մը տուած է «Փարիզիէն» օրաթերթին, որուն առանցքը կազմած են «առողջապահական անցագիր»-ին վերաբերող հարցերը։ Նախագահին այս նիւթին նկատմամբ ցուցաբերած դիրքորոշումը կը շարունակէ բաւական մելան հոսեցնել, քանի որ ան շատ վճռական ու շատերու համար գրգռիչ պատասխաններ տուած է, յայտարարելով որ այդ մասին ոչ մէկ զիջում պիտի կատարուի եւ ինք ուղղակի կ՚ուզէ «ձանձրացնել» (emmerder), զանոնք որոնք դէմ են պսակաձեւ ժահրի պատուաստումին։
Հանրապետութեան նախագահը նաեւ կիսաբերան յայտարարած է իր թեկնածութիւնը 2022-ի նախագահական ընտրութիւններուն՝ մասնակցելու փափաք յայտնելով, առանց սակայն յստակ կերպով ներկայացնելու իր որոշումը, նշելով թէ՝ այդ մասին պիտի արտայայտուի երբ առողջապահական իրավիճակը աւելի պայծառ դառնայ։
Մաքրոն պատասխանելով Թուրքիոյ՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան մասին հարցումի մըն ալ, ըսած է թէ ինք յարմար չի նկատեր ԵՄ-ի ընտանիքէն ներս մուտքը այդ երկրին, որու ներկայիս դաւանած արժէքները չեն համապատասխաներ եւրոպականներուն։ Ան ըսած է, թէ Թուրքիա հետամուտ է քաղաքական Իսլամի տարածման քաղաքականութեան մը, կը մերժէ ճանչնալ ԵՄ-ի անդամ պետութիւններէն մէկը՝ Կիպրոսի Հանրապետութիւնը եւ յարձակողական քաղաքականութիւն կը վարէ արեւելեան Միջերկրականի մէջ։ Բայց եւ այնպէս, Մաքրոն աւելցուցած է, թէ ինք կողմնակից է, որ Թուրքիա սերտ յարաբերութիւններ ունենայ Եւրոպայի հետ, քանի որ՝ «եթէ կապուի մեր արժէքներուն, մեզմէ ա՛լ աւելի չի հեռանար»։