«Իրական Հայաստան»-ի հայեցակարգը կամ հարցեր որոնք քննարկումի կը կարօտին

Վարչա­պետը վեր­ջին շրջա­նին եր­կու կա­րեւոր յղացքնե­րու հե­ղինա­կը դար­ձաւ՝ «Իրա­կան Հա­յաս­տան» եւ «Խա­ղաղու­թեան խաչ­մե­րուկ». ռազ­մա­վարա­կան առու­մով շատ կա­րեւոր հա­յեցա­կար­գեր, որոնք մին­չեւ 2020-ի պա­տերազ­մը Հա­յաս­տա­նի քա­ղաքա­կան մտա­հորի­զոնին մէջ այսքան պարզ, բնո­րոշ ու կուռ սահ­մա­նում չէին ստա­ցած։ «Իրա­կան Հա­յաս­տան»-ը կը փո­խարի­նէ ձե­ւով մը Հա­յաս­տան-Ար­ցախ-Սփիւռք եռա­միաս­նութիւ­նը։ Իսկ «Խա­ղաղու­թեան խաչ­մե­րուկ»-ը չու­նէր ան­ցեալին իր ռազ­մա­վարա­կան հա­մապա­տաս­խան բա­նաձե­ւու­մը։ «Ար­ցա­խի ինքնո­րոշու­մ», «Հա­յաս­տա­նի պե­տակա­նու­թեան ամ­րապնդում» եզ­րերը յա­ճախ կը յի­շուէին իբ­րեւ երկրի գե­րագոյն նպա­տակ։

Տա­ւոսի տնտե­սական միջազգային հա­մաժո­ղովէն ետք, վար­չա­պետ Փա­շինեան զուիցե­րահայ հա­մայնքի ներ­կա­յացու­ցիչնե­րուն հետ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ, որուն ըն­թացքին ներ­կա­յացուց «Իրա­կան Հա­յաս­տան»-ի հա­յեցա­կար­գը եւ պա­տաս­խա­նեց Հա­յաս­տան-Սփիւռք յա­րաբե­րու­թիւննե­րուն առըն­չուող հար­ցումնե­րուն։ Հան­դի­պու­մը հե­տաքրքրա­կան էր մի քա­նի առու­մով. առա­ջինը՝ Սփիւռքա­հայու­թեան հետ առե­րեսու­մի անակնկալ ձե­ւաչափ մըն էր, շատ առողջ, ուղղա­կի, ան­մի­ջական ու ան­կաշկանդ։ Երկ­րոր­դը՝ առիթ ընձեռեց քննարկելու՝ վար­չա­պե­տին կողմէ արդէն տարիէ մը ի վեր յաճախ արծարծուող «Իրա­կան Հա­յաս­տան»-ի հա­յեցա­կար­գին վերաբերող ու հա­յու­թիւնը յու­զող բազ­մա­թիւ խնդրա­յարոյց հար­ցեր։ Եր­րորդը՝ Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թեան անվտան­գութեան եւ Հա­յաս­տան-Սփիւռք յարա­բերու­թիւննե­րու մա­սին խորհրդա­ծելու պա­տեհ առիթ­ ստեղծեց, հա­յու­թեան պատ­մութեան ան­կիւնա­դար­ձա­յին ներկայ պա­հուն. այս հարցերու առնչութեամբ՝ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թեան ղե­կավա­րին առաջադրանքները պէտք ու­նին աւե­լի՛ լայն, եւ ոչ միայն քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րու նեղ շրջա­նակ­նե­րու ար­ձա­գան­գին, ինչ որ պա­րագան եղած է մին­չեւ այ­սօր։ Հարկ է այլ առիթ­ներ ստեղ­ծել քննար­կե­լու նաեւ մտա­ւորա­կան­նե­րու, արուես­տա­գէտ­նե­րու, գիտ­նա­կան­նե­րու, գոր­ծա­րար­նե­րու, կրթա­կան գոր­ծիչնե­րու, ու­սա­նողու­թեան շրջա­նակ­նե­րու մէջ։

Մեկ­նե­լով Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ներ­կա­յիս դի­մագ­րա­ւած մար­տահրա­ւէր­նե­րէն,– որոնք կը բխին 2020-ի Ար­ցա­խեան պա­տերազ­մի պար­տութեան հե­տեւանքնե­րէն,– «Իրա­կան Հա­յաս­տան» յղաց­քը կը հար­ցադրէ հայ­րե­նիք-պե­տու­թիւն, ազգ-ժո­ղո­վուրդ հաս­կա­ցու­թիւննե­րը, որոնցմէ կ՚ածան­ցուին, Հա­յաս­տան-Սփիւռք, Պետու­թիւն-Եկե­ղեցի յա­րաբե­րու­թիւննե­րը, Հայ­կա­կան հարց, Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն, ազ­գա­յին ար­ժե­համա­կարգ, ազ­գա­յին շահ…։

Վար­չա­պետի հիմ­նա­կան դրոյ­թը կը մեկ­նի «հայ­րե­նիքը պե­տու­թիւնն է» խօսոյ­թէն։ Առա­ջադ­րանքը նոր չէ, կը յի­շեց­նէ սո­վետա­կան շրջա­նի մայր Հա­յաս­տան – մայր Հայ­րե­նիք յղաց­քը, այ­սինքն՝ հա­մայն հա­յու­թեան հայ­րե­նիքը Հա­յաս­տանն է։ Իսկ թէ “«Իրա­կան Հա­յաս­տան»-ի դի­տան­կիւնէն՝ ո՞ւր կը տե­ղադ­րուի սփիւռքա­հայը” հար­ցումին, վար­չա­պետը անսպա­սելի պա­տաս­խան մը տուաւ, ըսե­լով որ ըստ Սահ­մա­նադ­րութեան՝ Հա­յաս­տա­նի ժո­ղովուրդն է որ կ՚ընտրէ Հայ­աս­տանի իշ­խա­նու­թիւնը, այ­սինքն այն հա­յը որ Հա­յաս­տա­նի քա­ղաքա­ցիու­թիւն չու­նի՝ սփիւռքա­հայ է։ Ասկէ ալ բնա­կանա­բար կը յա­ռաջա­նայ հե­տեւեալ հար­ցումը՝ “իսկ երբ սփիւռքա­հայը Հա­յաս­տա­նի քա­ղաքա­ցիու­թիւն ըն­դունի, պի­տի դադ­րի՞ սփիւռքա­հայ ըլ­լա­լէ, նոյ­նիսկ եթէ ար­տա­սահ­ման ապ­րի”։ Հար­ցում, որուն նման բազ­մա­թիւ այլ հար­ցումներ կը ցցուին, որոնք պար­զա­բանու­մի կը կա­րօտին…

Վար­չա­պետին «Իրա­կան Հա­յաս­տան»-ի ըն­կա­լու­մին մէջ ամէ­նէն հար­ցա­կանը պե­տական շա­հին՝ տնտե­սական շա­հին հետ նոյ­նա­կանա­ցումն է։ Պե­տու­թիւնը կը դի­տուի իբ­րեւ ժո­ղով­ուրդին տնտե­սական շահ ապա­հովող գոր­ծիք։ Իսկ պե­տու­թիւննե­րը կը ստեղ­ծեն նաեւ ան­նիւթա­կան ժա­ռան­գութիւն, մտա­յին ու հո­գեւոր ար­ժէքներ, որոնք երկրի մը ու ժո­ղովուրդի մը բա­րօրու­թեան ու կեն­սա­մակար­դա­կի բարձրա­ցման կա­րեւոր ցու­ցիչնե­րէն են. ասոր ամէ­նէն ցայ­տուն օրի­նակը Ֆրան­սա­յի ստեղ­ծած Ֆրան­սա­խօսու­թեան մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պութիւնն է, որուն ան­դամ է նաեւ Հա­յաս­տան։

Հար­­ցե­­­րը բազ­­մա­­­տեսակ են, քա­նի որ ազ­­գա­յին շահն ու պե­տական շա­հը կրնան ի­րարու հա­կասել շատ մը պարագաներու, ինչպէս օրինակ՝ Թուր­քիոյ հետ սահ­մա­նի բա­ցման կամ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­­նաչման ի խնդիր մղուող պայ­­քա­­­րի պա­­րագա­­նե­րուն…։ Դա­տելով հար­ցադրումնե­րէն՝ «Իրա­կան Հա­յաս­տան»-ը պէտք ու­նի աւե­լի ընդգրկուն ու նե­րառա­կան ըլլալու։

Ժ.Չ. ■