«Արարատ» թանգարանը կը շարունակէ պահպանել իր առաջատար դիրքը եւ արդէն 5-րդ անգամ կ’արժանանայ «World Travel Awards» բարձրագոյն մրցանակին։ Մրցելով աշխարհի տասնեակ երկիրներու թանգարաններու եւ այցելուներու կեդրոններու հետ՝ «Արարատ» թանգարանը ճանչցուած է «World Travel Awards» 2024 թուականի մրցանակակիր աշխարհի լաւագոյն «Brandy Distillery Tour» անուանակարգին մէջ։
«Արարատ» թանգարանը կը հանդիսանայ Թանգարաններու միջազգային խորհուրդի (ICOM) անդամ։ Ան տարածաշրջանի եզակի թանգարաններէն է, որ կը պահէ, կ’ուսումնասիրէ, կ’իմաստաւորէ եւ կը ներկայացնէ հայկական քոնեակագործութեան պատմութիւնը։ Թանգարանին մէջ ամփոփուած է հայկական քոնեակի ժառանգութեան ամբողջ ուղին, ուր կը ներկայացուի այդ խմիչքի արտադրութեան բարդ եւ ստեղծագործ ճամբան՝ զայն համադրելով համտեսի նուրբ ծիսակարգով։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։