Ալիեւի դէմ դատական հետապնդում

Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդին դիմումը Պատժական միջազգային ատեանի դատախազին

Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները Համակարգող խորհուրդը (CCAF)՝ Փարիզի փաստաբաններու պալատի եւ Պատժական միջազգային ատեանի (ՊՄԱ) փաստաբան Սեւակ Թորոսեանի միջոցով դիմեց ՊՄԱ-ի դատախազին։

Դիմումին մէջ կը նշուի.

«Ազերպայճանի լայնածաւալ զինուորական յարձակումը Արցախի բնակչութեան դէմ՝ 2020 Սեպտեմբեր 27-էն մինչեւ 2023 Հոկտեմբեր 4, պատճառ դարձաւ 120.000 հայերու տեղահանութեան եւ անոնց հազարամեակներու քաղաքակրթութեան ժառանգութեան կորուստին:

Բազմաթիւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններ, ինչպէս նաեւ ՊՄԱ-ի առաջին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ, բոլորն ալ ցեղասպանութեան, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու եւ պատերազմական ոճիրներու մեղադրանքներ առաջադրեցին՝ ի տես Ազերպայճանի իշխանութիւններու կատարած վայրագութիւններուն:

CCAF-ի համանախագահներ Արա Թորանեան եւ  Մուրատ Փափազեան վերջերս դիմեցին Ֆրանսայի կառավարութեան՝  անոր կոչ ընելով դիմելու ՊՄԱ-ին՝ քննութեան ձեռնարկելու համար Ազերպայճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի դէմ:

Ամբողջ Արեւմուտքը առայժմ խիզախութիւն չէ ցուցաբերած։

1915-էն ի վեր երկրորդ անգամն է, որ հայերը դէմ-յանդիման կը գտնուին արդարութեան այսպիսի ժխտումի մը: Այս իրավիճակը անընդունելի է: ՊՄԱ-ի կոչումն է չէզոքացնել ցեղասպան ղեկավարները եւ վերջ դնել ժխտումի բոլոր ձեւերուն:

Հետեւաբար, հիմնուելով Հռոմի կանոնադրութեան 15-րդ յօդուածին վրայ, Լա Հէյի դատախազէն կը պահանջուի.

  • նկատի առնել, որ ողջամիտ հիմք գոյութիւն ունի քննութեան ձեռնարկելու 2020-2023 թուականներուն Արցախի հայերուն դէմ գործուած յանցագործութիւններուն համար,
  • նախաքննական պալատին ներկայացնել Արցախի վիճարկուող տարածքի մասին Ատեանի տարածքային իրաւասութեան հարցը,
  • միջազգային ձերբակալութեան հրաման արձակել Ազերպայճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ 2020-2023 թուականներուն Արցախի մէջ գործուած յանցագործութիւններուն մասնակցած բոլոր անձերուն դէմ»: