Փետրուար 13-ին Փարիզի քաղաքային խորհուրդը միաձայնութեամբ ընդունեց «Ազերպայճանի մէջ ձերբակալուած ԼՂ նախկին առաջնորդներու մտահոգիչ կացութեան մասին» կոչը։ Փարիզի քաղաքապետին հրաւէրով քուէարկութեան ներկայ էր նաեւ Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպան Արման Խաչատրեան։
Կոչին մէջ յղում կը կատարուի քաղաքապետ Անն Հիտալկոյի՝ Հայաստան կատարած այցելութիւններուն եւ հայ ժողովուրդին անոր անվերապահ զօրակցութեան, կը վերահաստատուի Փարիզի քաղաքային խորհուրդի ամբողջական աջակցութիւնը Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին։
Նշեալ կոչով, անդրադառնալով Արցախի նախկին առաջնորդներու ձերբակալման հանգամանքներուն, Ազերպայճանի մէջ անոնց պահման պայմաններուն եւ անոնց դէմ առաջադրուած շինծու մեղադրանքներուն, Փարիզի քաղաքային խորհուրդը կը դատապարտէ Արցախի նախկին առաջնորդներու ապօրինի ձերբակալութիւնը եւ կեղծ դատավարութիւնները, կը պահանջէ անոնց ազատ արձակումը։
Կոչը Փարիզի քաղաքային խորհուրդին քուէարկութեան ներկայացուած էր քաղաքապետի տեղակալ Առնօ Նկաչայի կողմէ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։