Փետրուար 21-ին, Ֆրանսայի պատմութեան ականաւոր գործիչներու Պանթէոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն՝ նուիրուած Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեանի Պանթէոն մուտքի առաջին տարեդարձին։ Հայ նախկին ռազմիկներու եւ դիմադրականներու ազգային ընկերակցութեան (ANACRA) նախաձեռնութեամբ եւ Ֆրանսայի Բանակներու նախարարութեան հովանաւորութեամբ կազմակերպուած արարողութեան ընթացքին ելոյթ ունեցան դեսպան Արման Խաչատրեան, Պանթէոնի կառավարիչ Պարպարա Վոլֆեր, Մանուշեանի՝ Պանթէոն մուտքի յանձնախումբի նախագահ Ժան-Փիէր Սաքուն, ANACRA-ի նախագահ Լեւոն Յովնանեան, Ֆրանսայի՝ Նախկին ռազմիկներու եւ յիշողութեան պահպանման հարցերու նախարար Փաթրիսիա Միրալէսի ներկայացուցիչը։
Հայաստանի դեսպանը իր խօսքին մէջ նշեց, թէ Ֆրանսայի ազատագրութեան պայքարին մէջ անջնջելի հետք ձգած Միսաք Մանուշեանի, ինչպէս նաեւ իր կնոջ՝ Մելինէի աճիւնները Պանթէոն փոխադրելը պատմական իրադարձութիւն էր, յարգանքի տուրք համամարդկային արժէքներու՝ ազատութեան, հաւասարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան վեհ գաղափարներուն համար իրենց կեանքը նուիրաբերած հերոսներուն։
Ան յատկապէս ընդգծեց թէ Միսաք ու Մելինէ Մանուշեան կը մարմնաւորեն ընդհանուր պատմութեամբ, բայց նաեւ՝ ընդհանուր փորձառութիւններով իրարու կապուած հայ եւ ֆրանսացի ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութիւնը, Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ անխախտ եղբայրութիւնը։
Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Ֆրանսահայ թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպիսկոպոս Խաչատրեան, Ֆրանսայի Ծերակոյտի անդամներ, երեսփոխաններ, Փարիզեան շրջանի եւ յարակից քաղաքներու քաղաքապետեր, Ֆրանսայի մէջ հաւատարմագրուած դեսպանութիւններու ներկայացուցիչներ, Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեանի ընտանիքի անդամներ, մշակութային եւ հասարակական բազմաթիւ գործիչներ։
Ֆրանսայի Ներքին գործոց նախարար Պրիւնօ Ռըթայօ Փետրուար 21-ին Վալանսի մէջ յարգանքի տուրք մատուցած է Միսաք Մանուշեանի յիշատակին։
Ան Դիմագիրքի իր էջին տեղադրած գրառումով կ՚ըսէ.
«Հայոց ցեղասպանութեան վերապրող մը, ան Ֆրանսան իր հայրենիքը եւ Դիմադրութիւնը իր պայքարը դարձուց: Անոր զոհաբերութիւնը կը միացնէ երկու պատմութիւն՝ տառապած ժողովուրդի մը եւ իր ազատութեան համար պայքարող ազգի մը պատմութիւնը: Անոր յիշատակը կը մնայ կամուրջ մը Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ, քաջութեան եւ դիմադրութեան կոչ մը:
Նիքոլա Տարակոնի կողքին, յարգանքի տուրք մատուցեցի Միսաք Մանուշեանի եւ անոր ընկերներուն քաջութեան, որոնք գնդակահարուեցան 1944 Փետրուար 21-ին Մոն-Վալերիէնի մէջ»:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։