Եւրոպական Միութիւնը կոչ ըրած է՝ հայ-ազէրպայճանական սահմանին կողմերու զինեալ ուժերուն միջեւ հեռաւորութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը։ Այս մասին յայտնած է ԵՄ-ի Արտաքին հարցերու գլխաւոր բանբեր Փեթեր Սթանօ։ Ան «Թուիթըր»-ի իր հաշիւին կատարած գրառման մէջ նշած է.-
«Հայաստանի և Ազէրպայճանի սահմանին տեղի ունեցած վերջին փոխհրացանաձգութիւնը, որու հետևանքով զոհեր և վիրաւորներ կան, կը վերահաստատէ ուժերու հեռացման և վստահութեան ստեղծման քայլերու անհրաժեշտութիւնը: ԵՄ-ը կ՚աշխատի երկու կողմին հետ՝ հակամարտութեան համապարփակ լուծում գտնելու համար»: