ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Աշխատանքային այցով Հնդկաստան գտնուող Հայաստանի ԱԳ նախարարը իր հնդիկ պաշտօնակցին հետ ստորագրած է շարք մը փաստաթուղթեր

Մարտ 10-ին, աշխատանքային այցով Նիւ Տելհի գտնուող Հայաստանի Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարար Արարատ Միրզոյեան գլուխ-գլխի տեսակցութիւն ունեցած է իր հնդիկ պաշտօնակից Սուպրամանիամ Ճայշանքարի հետ, որուն յաջորդած է նախարարներու ղեկավարած պատուիրակութիւններու՝ ընդլայնուած կազմով հանդիպումը։

հանդիպման աւարտին, երկու երկիրներու միջեւ ստորագրուած են շարք մը փաստաթուղթեր։