Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմ
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Կիրակի, Յունուար 9-ին, Նուվէլ Աքիթէն շրջանի Հայերը մասնակցեցան կիրակնօրեայ պատարագին, զոր կը մատուցէր Վահան եպիսկ. Յովհաննէսեան, որ արդէն այցելած էր անոնց 2016 Յունիս 4 եւ 5-ին, մեր համայնքի եղբայրներն ու քոյրերը մկրտելու նպատակով։ Սուրբ պատարագը մատուցելու համար ուղղակի Փարիզէն եկած Վահան սրբազան, օգտուելով առիթէն, կատարեց նաեւ ջրօրհնէք՝ ի յիշատակ Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան եւ մկրտութեան, իրադարձութիւն մը, զոր Նուվէլ Աքիթէնի Հայերը չկրցան նշել Յունուար 6-ին, այն օրը, երբ ան պէտք է նշուի։
Սակայն, հաւանական է, որ այս տօնական օրուան նշումի թուականի ակամայ նման փոփոխութիւն այլեւս երբեք չպատահի:
Արդարեւ, ինչպէս կը յայտարարէ այս հաղորդագրութեան վերնագիրն ալ, գրեթէ մէկ տարիէ ի վեր, UFA-ի (Union Franco-Arménienne de la Nouvelle Aquitaine) նախագահ Ռոպէր Ներսէսեան եւ ACABA-ի նախագահ Ալէն Ներսէսեան ունեցած են եկեղեցիի մը գնումի նախագիծին ձեռնարկելու հոյակապ գաղափարը։ Խնդրոյ առարկայ եկեղեցին կը գտնուի Պեկլի մէջ, Պորտոյի մօտակայքը (Նուվէլ Աքիթէն):
Իր խօսքին մէջ, Վահան եպիսկ. Յովհաննէսեան ողջունեց եւ շնորհաւորեց այս նոր նախագիծը, զոր ինք առաջարկած էր վեց տարի առաջ, համայնքի անդամներուն հետ հանդիպման ընթացքին։ Սրբազանը նաեւ յիշեցուց, որ այս ծրագիրը յոյսի աղբիւր է տարածաշրջանի ծագումով հայ Ֆրանսացիներուն համար։
Թող մեր Տէրը օրհնէ այս նախաձեռնութիւնը, ինչպէս նաեւ զայն յառաջ մղողներն ու անոնց շնորհէ ուժ եւ քաջառողջութիւն, որ զայն հասցնեն իր սրբազան աւարտին։
Ի դիմաց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի քարտուղարութեան՝
Ռոպէր ՏԵՄԵՐՃԵԱՆ
Թեմի քարտուղար, կիսասարկաւագ