Մարտ 15-ին, Ալֆորվիլի «POC» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Երազ» պարային համոյթի հիմնադրութեան 25-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնը՝ պարով, երգով ու երաժշտութեամբ ու խրախճանքով։
Ձեռնարկին ներկայ էին Ալֆորվիլի քաղաքապետ Լիւք Գարվունաս, Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ թիւով հայ համայնքի անդամներ։
Հայաստանի դեսպանը իր ելոյթին նշեց, թէ արդէն քառորդ դար է որ «Երազ» համոյթը կը ծառայէ հայկական մշակոյթը ֆրանսացի հանդիսատեսին աւելի մատչելի դարձնելու, զայն տարածելու եւ ֆրանսահայ համայնքին մէջ հայկական ինքնութիւնը պահպանելու կարեւոր առաքելութեան։
Հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ ունեցան նաեւ քաղաքապետ Գարվունաս եւ «Երազ»-ի հիմնադիր-տնօրէնուհի Քրիսթինա Գալստեան։
Մթնոլորտը խանդավառեցին հայկական «Folk Music», Մայիս Եսայեան եւ DJ Արէն։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։