Մարտ 17-ին, Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան հանդիպում ունեցած է Լուվրի թանգարանի տնօրէնուհի Լոռանս տէ Գառի հետ։
Հանդիպումին կողմերը անդրադարձած են մշակոյթի մարզին մէջ Ֆրանսայի եւ Հայաստանի միջեւ հաստատուած գործակցութեան։ Զրուցակիցները քննարկած են յատկապէս Լուվրի թանգարանի Արեւելքի հնագոյն շրջանի բաժանմունքին, ինչպէս նաեւ Բիւզանդական եւ Արեւելքի քրիստոնեաներու ժառանգութեան նուիրուած նոր բաժինին եւ Հայաստանի պատմութեան թանգարանին միջեւ ընթացիկ նախաձեռնութիւնները։
***
Նոյն օրը, Արման Խաչատրեան դեսպանատան յարկին տակ հիւրընկալած է Հօ-տը-Ֆրանսի շրջանի նախագահ Զաւիէ Պերթրանը։
Կողմերը անդրադարձած են Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հասնելու ուղղութեամբ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ գործադրուող ջանքերուն եւ այս համածիրէն ներս տեղի ունեցած վերջին զարգացումներուն, Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ Ֆրանսայի Հօ-տը-Ֆրանս շրջանի եւ Հայաստանի Վայոց Ձոր մարզի միջեւ ապակեդրոնացուած համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։