Երեք տարի տեւած բանակցութիւններէ ետք, որոնց ընթացքին խաղաղութեան դաշինքի սեւագիրը տասներկու անգամ Երեւան-Պաքու երթուդարձ կատարեց, հայաստանեան կողմը համաձայնած է Պաքուի վերջին տարբերակը ընդունելու։ Թէ ինչո՞ւ Հայաստանի կառավարութիւնը ընդունած է Պաքուի վերջին երկու պահանջները, տակաւին համաձայնութեան գրաւոր օրինակը չէ հրապարակուած։ Ո՞ր գերպետութեան պարտադրանքով կամ թելադրանքով, կամ ռազմավարական ու անվտանգային ի՞նչ հաշուարկներէ մեկնած կառավարութիւնը նման որոշում կայացուցած է, յստակ չէ։
Միջազգային քաղաքական զարգացումները կարգ մը ենթադրութիւններու կը մղեն։ Ուքրաինայի հանդէպ Թրամփի վարած քաղաքականութեան բերումով՝ Արեւմտեան ճակատի միասնութիւնն ու հզօրութիւնը կոտրեցաւ։ Բնականաբար Ռուսաստանի դիրքերը ամրացան. նոյնպէս՝ Թուրքիոյ դիրքերը։ Ուքրաինային նեցուկ կանգնելու համար Եւրոպան պէտք ունի Թուրքիոյ։ Վերջին շրջանին Ռուսաստան եւ Թուրքիա զօրաւոր դաշնակիցներն են Ազերպայճանի։ Վերջինս կը վայելէ նաեւ նեցուկը Իսրայէլի։ Եւրոպայի տկարացումը եւ Ռուսաստան-Թուրքիա-Ազերպայճան երրեակին հզօրացումը Հայաստանի համար ապագային անվտանգային լուրջ մարտահրաւէրներ ստեղծող նախադրեալ է։
Այս իրավիճակէն մեկնած, հասկնալի կը դառնայ նաեւ Փաշինեանի՝ Մայիս 9-ին Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տօնակատարութեան առթիւ Փութինի ուղղած հրաւէրին ընդառաջումը։
Հայաստան-Ազերպայճան Խաղաղութեան համաձայնագիրը կը մնայ բանաւոր, Պաքու տակաւին տրամադիր չէ գրաւոր ստորագրութեան պահը եւ վայրը ճշդելու։ Մինչեւ որ ստորագրուի՝ ենթակայ չէ հրապարակումի։ Իսկ ստորագրութեան վայրը էական նշանակութիւն ունի, ան պիտի յատկանշէ գերտէրութեան մը կնքահայրութիւնը։ Միջազգային անկայուն պայմաններու մէջ, Մայիս 9-ի տօնակատարութեան առթիւ Մոսկուայի մէջ անոր ստորագրուիլը հաւանական է։ Եւրոպան Ազերիներուն համար անընդունելի է, ինչպէս որ Թուրքիան՝ Հայաստանի համար. իսկ Իրանը խնդրայարոյց է։ Անդին կը մնայ Ռուսաստանը, իբր երկու երկիրներու հետ անցեալէն սերտ յարաբերութիւններ ունեցող գերպետութիւն։ Ուքրաինայի պատերազմին Ռուսաստանի ի նպաստ աւարտելու պարագային, վերջինիս ազդեցութիւնը պիտի հզօրանայ Կովկասի մէջ, ինչ որ Հայաստանի համար տնտեսական ու քաղաքական գետնի վրայ լուրջ անվտանգային պայմաններ ստեղծելու սպառնալիքներով լեցուն է։ Վրաստանի նման, Հայաստան եւս Ռուսաստանի միջազգային դաշտ վերադառնալու հետեւանքները լրջօրէն քննարկելու ստիպուած է։
Գլխաւորաբար միայն Արեւմուտքն էր որ Ալիեւէն եւ Թուրքիայէն կը պահանջէր Հայաստանի հետ դաշինք կնքել։ Եւրոպայի տկարացումով, Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ նեցուկն ալ վայելելով՝ յաղթանակած Ազերպայճան բնականաբար աւելի ամբարտաւան կը դառնայ։ Ալիեւ կը շարունակէ պնդել Հայաստանի Սահմանադրութիւնը փոխելու պահանջին վրայ, կը շարունակէ ռազմագերիները դատել, գրաւեալ տարածքներէ հեռանալու քայլ չառնել, կը զլանայ սահմանազատումը կատարել … Արցախի ցեղային զտումին համար պատասխանատւութեան չենթարկուիլ։
Կարելի է նաեւ հարց տալ, թէ նոյնիսկ եթէ Ալիեւ ստորագրէ համաձայնագիրը, այսօր ի՛նչ արժէք ունին դաշինքներն ու պայմանագրերը, երբ աշխարհ կ՚ապրի գրաւոր ստորագրուած դաշինքներու, միջազգային դատավճիռներու ժխտումի, միջազգային օրէնքներու ոտնակոխման շրջան մը, այն ալ ԱՄՆ-էն սկսեալ։ Այս պայմաններուն մէջ, Հայաստան-Ազերպայճան դեռ չստորագրուած դաշինքի մը շուրջ համաձայնութիւնը ի՞նչ արժէք ունի։ Արժէք չունի, բայց առերես քայլ մըն է բանակցութիւններու թելը չկտրելու։ Որովհետեւ բանակցութեան բացակայութիւնը կը բարձրացնէ պատերազմի վտանգը։ Իսկ, Հայաստան պէտք ունի ժամանակի՝ սպառազինուելու, սահմանի դիրքերը զօրացնելու, բանակը վերակազմաւորելու…
Անխտիր բոլոր մեծ պետութիւնները եւ տարածաշրջանի դրացիները եւ Կովկասով շահագրգռուած երկիրները շնորհաւորեցին Խաղաղութեան դաշնագրին շուրջ ձեռք ձգուած համաձայնութիւնը։ Ինչպէս միշտ, միայն հայաստանեան ներքին ընդդիմադիր ճակատը եւ կարգ մը վերլուծաբաններ կը դատափետեն։ Իսկ եթէ իրենք իշխանութեան գլուխ գտնուէին՝ այլ ելք պիտի ունենայի՞ն։
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։