Ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդի գրասենեակին հրապարակած մէկ հաղորդագրութենէն կը տեղեկանանք, թէ Նիսի Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցին, որ երկար տարիներու խոր վէճերէ ետք արտաքսուած էր Հայ առաքելական եկեղեցիէն եւ հետեւաբար թեմէն, ներկայիս դարձեալ վերընդգրկուած է թեմի կազմին մէջ։
Ստորեւ՝ հաղորդագրութիւնը.
Թեմական պատգամաւորական ընդհանուր ժողով՝ կարեւոր որոշումներ
Շաբաթ, Մարտ 15-ին, աղօթքէն ետք, տեղի ունեցաւ Թեմական պատգամաւորներու տարեշրջանային ընդհանուր ժողովը Լիոնի «Կարպիս Մանուկեան» սրահին մէջ։ Առաջնորդ Գրիգոր եպիսկոպոսի բարձր հովանաւորութեամբ, ժողովը վարեց Թեմական պատգամաւորական ժողովի փոխնախագահ Ժերար Սահակ Շխըրտըմեան՝ քանի որ նախագահ Ժիլպէր Տէրտէրեան առողջական պատճառներով չէր կրցած մասնակցիլ։
Օրակարգ
Կէսօրէ ետք տեղի ունեցած արտակարգ ընդհանուր ժողովին՝ պատմական որոշում մը կայացուեցաւ՝
Այս որոշումը նոր էջ մը կը բանայ մեր եկեղեցւոյ համար։ Յառաջիկայ օրերուն, վարչական քայլերու պիտի ձեռնարկուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Նիսի դատարանին մէջ, որպէսզի այս վերամիացումը պաշտօնապէս հաստատուի եւ անցումը յաջողութեամբ կատարուի։
Ժողովի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հրատապ ուրիշ հարցի մը եւս՝ Ազերպայճանի մէջ անօրինի պահուող 23 հայ ռազմագերիներու վիճակին։
Խոր քննարկումներէ ետք, ժողովը միաձայնութեամբ որոշեց պատրաստել պաշտօնական յայտարարութիւն մը՝ անոնց ազատ արձակման կոչով։ Այս յայտարարութիւնը, զոր պիտի ստորագրէ Առաջնորդ հայրը՝ պատգամաւորական ժողովին անունով, պիտի ուղարկուի իշխանութիւններուն։
Ան կոչ կ՚ընէ Ֆրանսայի իշխանութիւններուն՝ միջամտելու միջազգային մակարդակի վրայ, որպէսզի ռազմագերիները, որոնք անմարդկային պայմաններու մէջ կը պահուին եւ միջազգային իրաւունքի կոպիտ խախտումներու զոհ են, ազատ արձակուին։
Թեմը այսպէսով անգամ մը եւս կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը՝ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն եւ արդարութեան պաշտպանութեան։
Մենք մեր սրտանց շնորհակալութիւնը կը յայտնենք բոլոր հոգեւորականներուն եւ պատգամաւորներուն, իրենց յանձնառութեան ու թանկագին ներդրումին համար։
Թող Աստուած օրհնէ եւ առաջնորդէ զիրենք իրենց առաքելութեան մէջ։
ԱՌԱՋՆՈՐԴԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։