Այս տարի UFAR-ի (Հայաստանի մէջ Ֆրանսական համալսարանի) չորրորդ տարեշրջանի լաւագոյն 42 ուսանողները 7-շաբաթեայ մասնագիտական վարժընթացներ (formation professionnelle) կ՚անցընեն Փարիզ, Լիոն, Մարսիլիա, Թուլուզ, Նիս և Վիէն գտնուող ձեռնարկութիւններու և պետական կառոյցներու մէջ։
Յաջողութիւն կը մաղթենք հայ ուսանողներուն եւ կը յուսանք, որ անոնց սպասումները կ՚արդարանան։