Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ազէրպայճանի յատուկ ծառայութիւնները Արցախի բնակիչը դրդած են լրտեսութեան

Արցախի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը բացայայտած է Ազէրպայճանի յատուկ ծառայութիւններու կողմէ Արցախի բնակիչը լրտեսութեան դրդելու դէպք մը։

Ըստ ԱԱԾ-ի՝ Ազէրպայճանի յատուկ ծառայութիւնները ընկերային ցանցերու մէջ աշխուժացուցած են Արցախ բնակող անձանց հետ կապ հաստատելու փորձերը՝ անոնց շրջանակին մէջ խուճապ տարածելու կամ անոնցմէ տեղեկութիւններ կորզելու նպատակով:

«Յաջորդական դէպքում կեղծանուան տակ արձանագրուած թելեկրամեան օգտատէրը, ներկայանալով որպէս Հայուհի, Արցախ բնակող անձի հետ սկզբում վարել է մտերմութիւն ձևացնելու նպատակ հետապնդող խօսակցութիւն, նրան ուղարկել է իր մերկ նկարները, պահանջել նոյնպիսի նկարներ, որից յետոյ իրենց մէջ եղած հաղորդակցութեան բովանդակութիւնը հրապարակելու սպառնալիքի տակ պահանջել է տրամադրել տեղեկութիւններ, տարբեր վայրերի լուսանկարներ, խոստանալով նաև վճարել մատուցած ծառայութիւնների դիմաց՝ նախապէս ուղարկուած դրամատնային հաշուին գումար փոխանցելու եղանակով»,– նշուած է Արցախի ԱԱԾ-ի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Արցախի ԱԱԾ-ն կը ստուգէ նշեալ դէպքի հանգամանքները, Ազէրպայճանի յատուկ ծառայութիւններուն տրամադրուած տեղեկութիւններու բովանդակութիւնը, ծաւալը, ինչպէս նաև արարքի շարժառիթներն ու նպատակները։

Ծառայութիւնը կը յորդորդէ զերծ մնալ ընկերային ցանցերու մէջ անծանօթ օգտատէրերու հետ շփումներէ, կասկածելի առաջարկներ ընդունելէ և տեղեկութիւններ տրամադրելէ, իսկ նման պահանջներ կամ առաջարկներու ներկայացման պարագային անյապաղ հաղորդել Արցախի ԱԱԾ-ին: