ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի (Ֆրանսա, Նետերլանտներ, Պելճիքա) 85-րդ Շրջանային ժողովը գումարուեցաւ 4-5-6 Ապրիլին, Փարիզի մէջ, մասնակցութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի, Հայ դատի, Նոր Սերունդի եւ պատանեկան միութեան ներկայացուցիչներու, հրաւիրեալ ընկերներու եւ 9 կոմիտէութիւններու պատգամաւորներու:
Եռօրեայ նիստերու ընթացքին, խորապէս քննարկուեցան կազմակերպական, քաղաքական, երիտասարդական, Հայ դատի, քարոզչական, ուղեկից միութիւններու եւ համայնքային հարցեր եւ կայացան համապատասխան որոշումներ:
Շրջանային ժողովը, ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի կառոյցի անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնեց Հայաստանի կառոյցին՝ իբրեւ հայրենի գործող իշխանութիւններուն քաղաքական դաւադիր վարքագիծը մերժող ու անոր դէմ պայքարող ընդդիմադիր ուժ, ինչպէս նաեւ վերահաստատեց Արցախի ազատագրութեան եւ հայ ժողովուրդի պատմական իրաւունքներու վերատիրացման գծով իր մշտանորոգ յանձնառութիւնը:
Շրջանային ժողովը քննարկեց եւ համապատասխան որոշումներ կայացուց Ֆրանսայի 2026-ի քաղաքապետական ընտրութիւններուն կապուած հարցերու գծով, ինչպէս նաեւ՝ 2027-ին կայանալիք նախագահական ընտրութեան կապակցութեամբ:
Ժողովի աւարտին, յառաջիկայ երկու տարիներուն ընտրուեցաւ Կեդրոնական կոմիտէի նոր կազմը. Հրաչ Վարժապետեան, Պերճ Քերթէշեան, Նուպար Վարդանեան, Անահիտ Յակոբեան, Շահէ Մատէնեան, Կարօ Խաչիկեան, Վարանդ Ոսկիանեան, Էդիկ Քոթանճեան, Նոնիկ Օհաննէսեան։
Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչն է Հրաչ Վարժապետեան:
2025 Ապրիլ 6
Փարիզ
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։