Արցախի Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան սակրաւորական խումբերը Ստեփանակերտ քաղաքի «Կրկժան» թաղամասի յարակից տարածքին յայտնաբերած են չպայթած՝ բեկորային չորս և օդային մէկ ռումբ: Տեղեկութիւնը հաղորդած են Արցախի Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութենէն։
Սակրաւորական խումբերը դէպքին վայրը փութացած են «Կրկժան» թաղամասի բնակիչի մը ահազանգէն յետոյ։
«Յայտնաբերուած զինամթերքը տեղափոխուել է անվտանգ տեղամաս և ոչնչացուել»,– նշուած է Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ: