Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան հաղորդագրութիւնը

 

«Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը խստիւ կը դատապարտէ Վատիկանը՝ “Քրիստոնէութիւնը Ազերպայճանի մէջ․ պատմութիւն եւ արդի ժամանակներ” խորագրեալ միջազգային համաժողովը հիւրընկալելուն համար, որ կայացաւ Հռոմի մէջ՝ Ազերպայճանի կառավարութեան եւ անոր գիտական-ապացուցողական քարոչամեքենայի նախաձեռնութեամբ։

Մենք կը պնդենք, թէ Հայ մասնագէտներու ակնյայտ բացակայութիւնը սոյն համաժողովէն, միտուած էր պետական մակարդակով պատմութիւնը խեղաթիւրելու եւ կեղծ պատմագրութիւն ներկայացնելու, որ կը նուազեցնէ Վատիկանի վարկը եւ վայել չէ անոր չափանիշերուն եւ չունի որեւէ բացատրութիւն՝ ֆինանսական շահոյթ ապահովելէն զատ։

Մենք կը պնդենք, թէ Վատիկան անպատասխանատու քայլ մը ըրած է՝ արտօնելով որ իր գիտական հարթակը հնարամտօրէն օգտագործուի շինծու պատմութիւն տարածելու նպատակով, որ կը փորձէ ջնջել Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բազմադարեայ ներկայութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ՝ համաշխարհային գիտական մտքի յիշողութենէն։ Առանց հայ գիտնականներու մասնակցութեան այդպիսի միջոցառում հիւրընկալելով՝ Վատիկան ինքզինք մեղսակից ըրած է՝ դառնալով զէնք՝ պատմութեան եւ բնիկ քրիստոնեայ ժողովրդի մը դէմ, որուն աւանդը համաշխարհային քրիստոնէութեան անվիճելի է։

Մենք նաեւ կը պնդենք, թէ Վատիկան ականատես եղած է դիտաւորեալ հնութեան վերայօրինումի ռազմավարութեան մը, որ կը ձգտի ոչ միայն օրինականացնել ներկայի տարածքային պահանջքները Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ, այլ նաեւ ջնջել աւելի հին քաղաքակրթութիւններու ներկայութիւնը, որոնց արմատները խոր են եւ պատմութիւնները՝ վերացնելու անյարմար։

Ազերպայճանի այս գիտական քարոզչամեքենան կը ձգտի կառուցել յետադարձ պատմութիւն մը, որ մոլորեցնող խորութիւն մը պիտի հաղորդէ նորաստեղծ պետութեան։ Այդ կ’իրագործուի պատմութեան վերաշարադրութեան միջոցով։

(…)

Մենք յստակ կը պնդենք, որ իրական ժառանգութեան փոխարէն, այս վարչակազմի գիտական քարոզչամեքենան Վատիկանի մատուցած է բեմադրութիւն մը։ Յիշողութեան փոխարէն՝ կեղծիք, պատմական իրողութիւններու նկատմամբ հաւատարմութեան փոխարէն՝ հաշուարկուած ամբարտաւանութիւն մը, որ ժամանակը կը սեպէ որպէս կտաւ, որ պէտք է ներկուի աշխարհաքաղաքական դիրքորոշման համաձայն։ 

 

Այսպիսի համաժողովներու հիմնական թեզը՝ թէ Արցախի մէջ գտնուող հայկական քրիստոնէական յուշարձանները կը պատկանին այսպէս կոչուած «կովկասեան աղուանական» քաղաքակրթութեան, ոչ միայն գիտականօրէն անհիմն է, այլեւ պատմական ժխտողականութեան չարագործ արարք մըն է։ 

Սա ուղղակի յարձակում է բնիկ Հայ ժողովուրդի գիտութեան եւ արժանապատւութեան վրայ՝ ժողովուրդի մը, որուն սուրբ աւանդութիւնները հազարամեակներով գոյութիւն ունեցած են այդ հողերուն վրայ։ Այստեղ խնդիրը միայն գիտական կեղծիքը չէ, այլեւ՝ մշակութային ժխտումը, որ համակարգուած կերպով կը մերժէ Հայ ժողովուրդին բնիկութիւնը եւ իր արժանի տեղը՝ քրիստոնէական եւ քաղաքակրթական պատմութեան մէջ։

Մենք կոչ կ’ընենք Վատիկանին, որ պահպանէ պատմական ճշմարտութեան ամբողջականութիւնը եւ մերժէ ամէն տեսակ կեղծ ժառանգութիւն եւ յօրինուած աւանդութիւն, որոնք կը նպատակադրեն ջնջել բնիկ քրիստոնէական համայնքներու ապրուած փորձառութիւնը։ Մենք կը յորդորենք Վատիկանին հեռու մնալ նման վերաշարադրողական նախաձեռնութիւններէն եւ վերահաստատել իր յանձնառութիւնը՝ քրիստոնէական աւանդութեան իսկութիւն պահելու առաքելութեան՝ ի մասնաւորի Սուրբ եւ Առաքելական Հայոց Եկեղեցւոյ հանդէպ։

Իբրեւ հայկական քրիստոնէութեան չորս հին եւ գոյատեւող ճիւղերէն մէկը՝ կը յայտարարենք, թէ սա բարոյական իսկութեան պահ մըն է քրիստոնէական գիտական աշխարհին համար․ հայոց անցեալի ճշմարտութիւնը չի կրնար թաղուիլ վարձուած եւ քարոզչութեամբ կերտուած պատմական սուտերու ներքեւ։ Մեր եկեղեցիները, մեր վանքերը, մեր ճարտարապետութիւնը, մեր գեղագիտութիւնը, մեր խաչքարերը, մեր ձեռագրերը, մեր արարողակարգը, մեր հազարամեայ շարականները, մեր այբուբենը, մեր սուրբերն ու նահատակները, մեր հին գերեզմանատուները, մեր սրբազան յուշերը, մեր դպրանոցները,  եւ մեր ժողովուրդը՝ բոլորն ալ կենդանի վկայութիւն են Հայ առաքելական աւանդութեան, որ նախորդած է եւ պիտի գերազանցէ այն խորամանկ նկրտումները, որոնք կը ձգտին ջնջել մեզ՝ թէ՛ ֆիզիքական, եւ թէ՛ մտաւոր յիշողութենէն։  

ԴԻՒԱՆ Ս․ ԱԹՈՌՈՅ»