Մեր պաշտօնակից «Ասպարէզ»-ի համաձայն՝ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը նախաձեռնած է ժողովրդային արշաւի մը՝ կոչ ընելով նախագահ Տանըլտ Թրամփին՝ յետս կոչելու Ամերիկայի Արտածման-ներածման (EXIM) դրամատան անպատասխանատու որոշումը՝ 339 միլիոն տոլար վարկ տրամադրելու Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ցեղասպան վարչակազմին հովանիին տակ գործող Silk Way West օդային ընկերութեան, որ զէնքի առեւտուրով կը զբաղի եւ հայութեան դէմ գործածուած զէնքեր փոխադրած է Ազերպայճան։
Յանձնախումբը կոչ կ՚ընէ ամերիկահայութեան եւ մարդկային իրաւանց պաշտպաններուն, որ մասնակցին anca.org/exim կայքէջին միջոցով իրականացուող արշաւին, որպէսզի կասեցուի նշեալ օդային ընկերութեան կողմէ յաւելեալ Boeing օդանաւեր գնելու փորձը։
Silk Way-ը սերտ կապեր ունի Պաքուի հետ եւ բազմաթիւ առիթներով զէնքեր փոխադրած է հակամարտութեան գօտիներ, ներառեալ Արցախի դէմ Ազերպայճանի ռազմական գործողութիւններու ընթացքին՝ 2020-ին եւ 2023-ին։
Զէնքի փոխադրութիւնները փաստագրուած են «Կազմակերպուած յանցագործութեանց եւ զեղծարարութեանց մասին տեղեկացման նախագիծ»-ին (OCCRP), «Ազատութիւն» (RFE/RL) ձայնասփիւռին, The Washington Post-ի եւ այլոց կողմէ։
Նշենք, որ RFE/RL-ի, OCCRP-ի եւ The Washington Post-ի կողմէ հետաքննական լրագրութեան փաստերը կը հաստատեն, որ Silk Way-ի օդանաւերը բազմաթիւ առիթներով զէնքի առաքումներ կատարած են Իսրայէլէն Պաքու, ներառեալ առնուազն վեց թռիչքներ մի՛այն 2025-ի առաջին ամիսներուն:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։