ԱՄՆ-ու Միջազգային կրօնական ազատութեան յանձնախումբի 2025-ի տարեկան զեկոյցը կ’ընդգծէ հայկական կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան համակարգային ոչնչացումը Արցախի մէջ:
Artsakh Monument Watch-ի համաձայն, զեկոյցին 46-48 էջերը կը մանրամասնեն Ազերպայճանի մէջ կրօնական ազատութեան լուրջ սահմանափակումները եւ կը փաստագրեն հայկական ժառանգութեան վայրերու՝ վերջին արբանեակային նկարներով հաստատուած ոչնչացումը, ներառեալ 19-րդ դարու եկեղեցի մը եւ երկու գերեզմանատուն, որոնք արձանագրուած են Կովկասեան ժառանգութեան դիտարանին (CHW) կողմէ:
Զեկոյցը կը վկայակոչէ 2024-ի Freedom House-ի գնահատականը, ըստ որուն Ազերպայճան «համակարգային արշաւ» կազմակերպած է 2020-ի եւ 2023-ի հակամարտութիւններու ընթացքին՝ Արցախէն հայկական ներկայութիւնը ջնջելու գործողութիւններ, որոնք կը համարուին պատերազմական յանցագործութիւններ եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներ:
Հիմնական յանձնարարականները կը ներառեն՝
Զեկոյցը կը թելադրէ ԱՄՆ-ու Գոնկրէսին, որ ունկնդրութիւններ կազմակերպէ Ազերպայճանի կրօնական ազատութեան խախտումներուն շուրջ, հիմնուելով Թոմ Լանթոս մարդկային իրաւանց յանձնախումբի նախորդ նիստերու զեկոյցներուն վրայ:
Նշենք, թէ միջազգային կազմակերպութիւնները, ներառեալ Եւրոպայի խորհուրդը, ՄԱԿ-ի՝ Խոշտանգումներու դէմ յանձնախումբը եւ Եւրոպական խորհրդարանը բազմիցս դատապարտած են Ազերպայճանի կողմէ հայկական ժառանգութեան ոչնչացումը եւ մարդկային իրաւանց խախտումները:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։