Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԵՐԵՒԱՆ – Ֆրանսայէն ժամանած Անահիտ Տօնապետեան դասախօսեց Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայէն ներս

Երկուշաբթի, Ապրիլ 14-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայէն (ՀՀԳԱԱ) ներս տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` «Դաշտային աշխատանք որակական ուսումնասիրութեանհամար. մարտահրաւէրներ եւ լուծումներ (լեզուաբանութիւն, ազգագրութիւն, հասարակագիտութիւն)» թեմայով։

Օրուան դասախօսն էր ՀՀ ԳԱԱ արտասահմանեան անդամ, Ֆրանսայի Արեւելեան լեզուներու եւքաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկի դասախօս, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, լեզուաբան, հայագէտ Անահիտ Տօնապետեան։

Դաշտային հետազօտութիւնը այն հետազօտութիւնն է, որ կը կատարուի գրասենեկային պայմաններէնդուրս` առկայ խնդրին վերաբերող միջավայրին մէջ։ Այս տեսակի հետազօտութիւնը հիմնականին մէջմիտուած կ՚ըլլայ բարձրացնելու հետազօտութեան որակը, խնդիրը աւելի մօտէն ճանչնալու եւ առկայմարտահրաւէրներուն աւելի ճշգրիտ լուծում տալու համար։

Անահիտ Տօնապետեան հաղորդեց իր երկարամեայ փորձառութեան շնորհիւ ձեռք բերածգիտելիքները։ Բացատրելով ինչպէս ճիշդ կատարել դաշտային հետազօտութիւն, ինչպիսիհանգամանքներ պէտք է նկատի ունենալ եւ ինչպէս պահպանել անձնական տուեալներուգաղտնիութիւնը։ Ան նաեւ անդրադարձաւ այս տեսակի հետազօտական աշխատանքներումարտահրաւէրներուն եւ  վտանգներուն, որոնց կրնայ հանդիպիլ հետազօտողը։

Բնաբանը կ՚առնչուէր լեզուաբանութեան, ազգագրութեան եւ հասարակագիտութեան. Տօնապետեանշեշտեց հետազօտուող դաշտի վայրին կամ միջավայրին ծանօթ մասնագէտներու ներգրաւումը տուեալբնագաւառին մէջ հետազօտութեան համար, ինչպէս` բարբառախօս մասնագէտի եւ լեզուաբանիներգրաւումը բարբառներու ուսումնասիրութեան համար, եւ այլն։

Դասախօսութեան աւարտին Տօնապետեան յիշեցուց նաեւ անաչառութեան եւ տուեալները արագօրէնարձանագրելու եւ պահպանելու կարեւորութիւնը, որմէ ետք ներկայ մադնագէտներուն միջեւ տեղիունեցաւ հարցում-պատասխան։

Վ. Պ.