Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ֆրանսայի դեսպանը այցելած է Տաւուշի մարզի «Փաթրիք Տէվէճեան» գիւղատնտեսական վարժարանը

Ապրիլ 15-ին, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի այցելած է Տաւուշի մարզի Իջեւան քաղաքի «Փաթրիք Տէվէճեան» գիւղատնտեսական վարժարանը, ընկերակցութեամբ դեսպանատան մշակոյթի եւ համագործակցութեան հարցերու խորհրդական, Հայաստանի մէջ Ֆրանսական հիմնարկի տնօրէն Զաւիէ Ռիշարի եւ նոյնպէս՝ մշակոյթի եւ համագործակցութեան հարցերու կցորդ Էմէ Ֆոժանէի։

Հիւրերը ծանօթացած են վարժարանի արհեստանոցներուն, վարժընթացներուն, որոնք կեանքի կոչուած են Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամին կողմէ։ Անոնք հանդիպում ունեցած են նաեւ Տաւուշի գիւղերէն մէկուն աշակերտներուն հետ, որոնք այցելած էին վարժարան, իրենց մասնագիտական կողմնորոշման ծիրին մէջ։