Փարաքար համայնքին մէջ Ապրիլ 16-ին տեղի ունեցած է նորընտիր աւագանիի (քաղաքային խորհուրդ) առաջին նիստը։
«Միասնութիւն» դաշինքի ցանկը գլխաւորող Վալոդիա Գրիգորեան օրէնքին համաձայն ստանձնած է Փարաքար համայնքի ղեկավարի պաշտօնը, քանի որ Մարտ 30-ին կայացած ընտրութիւններուն դաշինքը ստացած էր քուէարկութեան մասնակիցներու ձայներուն 50 տոկոսէն աւելին։
Փարաքար համայնքի ղեկավարի երդման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 19-ին։
«Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան անդամները չեն մասնակցած նիստին։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։