Միացեալ Նահանգներ չեղեալ յայտարարած է Հայաստանի մէջ «Ժողովրդավարական մշակոյթի զարգացում» ծրագրի գանձատրումը: Լուրը կը հաղորդէ ԱՄՆ-ու Կառավարական արդիւնաւէտութեան բաժանմունքը (Department of Government Efficiency – DOGE), որուն ղեկավարն է միլիառատէր Իլոն Մասք՝ նախագահ Տանըլտ Թրամփի դաշնակիցը: Այս ծրագրին համար նախատեսուած էր ընդհանուր 2 միլիոն տոլար:
Միացեալ Նահանգներ նման ծախսերը որակած է «մսխում»:
Ընդհանուր առմամբ, ամերիկեան կառավարութիւնը չեղեալ յայտարարած է 215 միլիոն տոլարի «անօգուտ դրամաշնորհներ», որոնք պիտի յատկացուէին բացի Հայաստանէն՝ Միացեալ Թագաւորութեան, Մոլտաւիոյ, Պրազիլի եւ քանի մը այլ երկիրներու:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։