Ապրիլ 17-ին, Ազերպայճանի Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարար Ճեյհուն Պայրամով՝ Սլովենիոյ իր պաշտօնակցին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսին յայտարարած է, թէ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը աւարտին հասցնելու հարցին մէջ Պաքու Երեւանէն տակաւին ակնկալիքներ ունի։
“Ես նշած եմ Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ Ազերպայճանի նկատմամբ տարածքային պահանջներու վերացման, ինչպէս նաեւ Մինսքի խումբի լուծման անհրաժեշտութիւնը: Սահմանի զատումը ընթացքի մէջ է, բայց հաղորդակցութիւններու բացման հարցը տակաւին լուծուած չէ: Կարծիքներու փոխանակում տեղի ունեցած է նաեւ Նախիջեւանի հետ անարգել կապին տակաւին ապահովուած չըլլալու իրողութեան շուրջ”, – ընդգծած է ան, միաժամանակ դրական գնահատելով անցեալ շաբաթ Թուրքիոյ մէջ՝ Անթալիոյ դիւանագիտական ժողովին ընթացքին կայացած հանդիպումը Հայաստանի ԱԳ նախարարին հետ։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։