Ապրիլ 19-ին, բազմաթիւ քաղաքական եւ համայնքային անձնաւորութիւններու ներկայութեամբ փարիզեան շրջանի Լէ Լիլա քաղաքի հանրապարտէզին մէջ տեղադրուած նահատակաց յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ յիշատակի արարողութիւն մը՝ նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին։
Մասնակիցներու շարքին էին Հայաստանի դեսպանութեան խորհրդական Վարդուհի Սահակեան, Սէն-Սէն-Տընիի նահանգային խորհուրդի նախագահ Սթեֆան Թրուսէլ, փոխնահանգապետուհի Սեսիլ Ռաքէթ, Լէ Լիլայի եւ Պոպինյիի քաղաքապետեր Լիոնէլ Պենհարուս եւ Ապտէլ Սատի, ինչպէս նաեւ տեղական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ Ֆրանսայի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ հոգեւորականներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Արարողութեան ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան պաշտօնական անձնաւորութիւններ, որոնք նաեւ ծաղկեպսակներ զետեղեցին յուշարձանին առջեւ։
Նահատակներու յիշատակին նուիրուած աղօթքէն ետք հնչեցին Հայաստանի եւ Ֆրանսայի փառերգերը։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։