Ապրիլ 24-ին, Վարչապետի մամլոյ քարտուղար Նազելի Պաղտասարեան, պատասխանելով «Արմէնփրէս»-ի հարցումին, ըսած է թէ վարչապետ Փաշինեան կը դատապարտէ Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի դրօշներու հրկիզումը:
«Վարչապետը կը դատապարտէ այդ գործելակերպը՝ զայն նկատելով անպատասխանատու եւ անընդունելի։ Միջազգայնօրէն ճանչցուած պետութեան, մա՛նաւանդ դրացի պետութիւններու դրօշները այրելը պետութեան ղեկավարի կողմէ չի կրնար այլ վերաբերումի արժանանալ։ Այդ գրգռիչ եւ հրահրող գործելակերպ է»,– ըսած է Պաղտասարեան։
Ան աւելցուցած է, թէ միեւնոյն ժամանակ վարչապետը կը դատապարտէ Ազերպայճանի զինեալներուն կողմէ Սիւնիքի մարզի Խոզնավար գիւղի բնակելի տան ուղղութեամբ արձակուած կրակոցները եւ Ազերպայճանի իշխանութիւններուն կոչ կ՚ընէ այդ դէպքերուն վերաբերեալ հանդէս գալ պարզաբանումներով։
Նշենք, թէ Ապրիլ 23-ի իրիկունը ազերպայճանական կողմը կրակ բացած է Սիւնիքի մարզի Խոզնավար բնակավայրի ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով վնասուած է բնակելի տուն մը:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։