Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արայիկ Յարութիւնեան.–  «Չենք հանդուրժելու՝ մարդիկ փող վաստակեն Արցախում ու գնան»

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Յունուար 18-ին շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումին յայտնած է, թէ քայլերու կը ձեռնարկեն երկրէն արտագաղթը կանխելու համար, իսկ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը պիտի բացայայտէ այն կազմակերպութիւններն ու գործարարները, որոնք արտասահմանի մէջ գոյք կը դիզեն՝ Արցախի մէջ վաստկած դրամով։

“Տուեալ ընկերութիւնների նկատմամբ լինելու ենք շատ խիստ և չենք հանդուրժելու, որ մարդիկ փող վաստակեն, պոկեն ու գնան այստեղից։ Նրանց յետևից գնալու ենք”,– ըսած է նախագահը։

Նշենք, թէ վերջին ամիսներուն Արցախի մէջ տարածուած են լուրեր, թէ՝ շարք մը գործարարներ իրենց դրամագլուխը կը փոխադրեն արտասահման, մասնաւորապէս Ռուսաստանի հարաւը։