Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՄԱՐՍԻԼԻԱ – Ջահերով երթ՝ հոգեւոր եւ քաղաքական առաջնորդներու մասնակցութեամբ 

Ապրիլ 23-ին, Մարսիլիոյ ՀՅԴ «Նոր Սերունդ» երիտասարդական միութեան կազմակերպած ջահերով երթը ընթացաւ «Ապրիլ 24» պողոտայէն դէպի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր՝ Պօմոնի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արշէն քահանայ Մովսիսեանի, Ֆրանսայի հարաւի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF Sud) համանախագահներ Ազատ Պալալաս-Գազանճեանի ու Ժիւլիէն Հարունեանի եւ մարսիլահայ երիտասարդներու մասնակցութեամբ։