Ազերպայճանի Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարարութիւնը դատապարտած է Երեւանի եւ Փարիզի մէջ ցոյցերու ընթացքին դրօշներու հրկիզումը՝ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի կառավարութիւններէն պահանջելով կանխել նման արշաւները եւ ապահովութեան համապատասխան միջոցներու ձեռնարկել։
«Հայաստանի եւ Ֆրանսայի կառավարութիւնները պէտք է պատժեն այդ արարքներու պատասխանատուները։ Տեղի ունեցածը վրէժխնդրութեան եւ ցեղային ատելութեան դրսեւորում է, որ այսօր եւս լայնօրէն տարածուած է Հայաստանի մէջ»,– նշուած է Ազերպայճանի ԱԳ նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։