Ապրիլ 28-ին, 120 հոգինոց պատուիրակութեան մը գլխաւորութեամբ Պաքու այցելած Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան յայտարարած է, թէ «Ղարաբաղը Ազերպայճանի անբաժանելի մասն է», ընդգծելով, թէ Թեհրան եւ Պաքու միշտ ալ աջակցած են մէկզմէկու տարածքային ամբողջականութեան։
Ըստ իրանական «Մեհր» լրատու գործակալութեան՝ Փեզեշքեան ըսած է, թէ Պաքու իր այցելութիւնը կ՚ամրապնդէ Իրանի ու Ազերպայճանի կապերն ու միասնութիւնը։
Ամերիկեան Associated Press գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ սա Իրանի նախագահի դրացի երկիր կատարած եզակի այցերէն է, նկատի ունենալով, որ Թեհրանի հետ յարաբերութիւնները տարիներ շարունակ լարուած եղած են՝ Իրանի ոխերիմ թշնամի Իսրայէլի հետ Ազերպայճանի սերտ կապերուն պատճառով։ Վերջին շրջանին, սակայն, կողմերը յարաբերութիւններու սերտացման նշաններ ցոյց կու տան։ Օրինակ՝ անցեալ Նոյեմբերին, երկու երկիրները Կասպից ծովուն մէջ միատեղ ռազմափորձեր կատարեցին, Ապրիլ 28-ին ալ համագործակցութեան շուրջ եօթը պայմանագիր ստորագրած են, ներառեալ՝ երկու երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ քաղաքական խորհրդակցութիւններ ունենալու, փոխադրամիջոցներու եւ հաղորդակցութեան բնագաւառին մէջ կապերը ընդլայնելու վերաբերեալ։
“Նախագահ Փեզեշքեանի այցը՝ այսքան մեծ պատուիրակութեամբ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ կարեւոր փաստաթուղթերու ստորագրումը, այդ կարգին՝ նախագահներու մակարդակով, անգամ մը եւս ցոյց կու տայ բոլոր մարզերուն մէջ մերձենալու մեր կամքն ու վճռակամութիւնը”,– Փեզեշքեանի հետ հանդիպումին ըսած է Իլհամ Ալիեւ։ “Մեր երկու երկիրները կրնան միասնաբար լուծել բոլոր հարցերը՝ բանակցութիւններու միջոցով”,– իր կարգին նշած է Իրանի նախագահը, աւելցնելով. “Մենք պէտք չէ թոյլ տանք, որ ուրիշներ մեզ իրարու դէմ հանեն”։ Թէ յատկապէս ո՛վ նկատի ունէր՝ Փեզեշքեան չէ մանրամասնած, սակայն մինչ այդ Իրան չէ թաքցուցած իր դժգոհութիւնն ու մտավախութիւնը, որ Ազերպայճանի տարածքը կրնայ օգտագործուիլ Պաքուի զէնքի մեծ մատակարարին՝ Իսրայէլի կողմէ, Իրանը հարուածելու համար։ Ուշագրաւ է, որ Փեզեշքեանի այցէն տասը օր ետք՝ Մայիս 8-ին ալ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Պաքու պիտի այցելէ։
Մինչ այդ, Ազերպայճանի նախագահը Ապրիլ 28-ին կրկին հաւաստած է, թէ իրենց համար միշտ առաջնահերթ եղած են շրջանին մէջ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը: “Այսօր մենք իբրեւ երկու անկախ պետութիւններ կարեւոր դեր կը խաղանք մեր շրջանին մէջ եւ երկուքս ալ համակարծիք ենք եւ հաւատարիմ ա՛յն քաղաքականութեան, որ շրջանային հարցերը պէտք է լուծուին շրջանի երկիրներուն կողմէ”,– ըսած է Ալիեւ։
Շրջանին մէջ տիրող տարակարծութիւններէն մէկն ալ կը վերաբերի Ազերպայճանի «Զանգեզուրի միջանցք» կոչածին, որուն միջոցով Պաքու կը փափաքի Հայաստանի տարածքով անխոչընդոտ կապ ունենալ Նախիջեւանի հետ։ 44-օրեայ պատերազմէն ետք Թեհրան քանի մը անգամ հրապարակաւ յայտարարած է, թէ դէմ է շրջանին մէջ սահմաններու փոփոխութեան։ Սակայն, նախագահ Փեզեշքեան այս այցին չէ յիշատակած այդ հարցը։ Փոխարէնը խօսած է իսլամական երկիրներու միջեւ հնարաւոր գործակցութեան մասին. “Եթէ իսլամական երկիրները եւ անոնց շրջանային դրացիները միանան, պիտի կարողանան ապահովել աւելի յաջողակ նախատիպ մը, քան այն, ինչ որ մենք կը տեսնենք այսօր Եւրոպայի մէջ”։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։