Արցախի նախկին Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի որդին՝ Դաւիթ Վարդանեան, դիմած է ԱՄՆ-ու նախագահ Տանըլտ Թրամփին՝ աւելի քան մէկուկէս տարիէ ի վեր Պաքուի մէջ բանտարկուած հօրը եւ միւս 22 հայ գերիներու ազատ արձակումը ձեռք ձգելու խնդրանքով։ Վարդանեանի յօդուածը՝ «Հայրս աւելի քան 550 օր է բանտն է, պարզապէս քրիստոնեայ ըլլալուն համար» վերնագրով հրապարակած է ամերիկեան FoxNews-ը:
«Ես եւ իմ ընտանիքը յոյս ունինք, որ Տանըլտ Թրամփ՝ որպէս խաղաղութեան նախագահ, կը կատարէ իր յանձնառութիւնը: Ան կրնայ այդ ընել՝ Պաքուի վարչակազմին հասկցնելով, որ պէտք է հետեւիլ միջազգային կանոններուն, ապացուցելով իր հաւատարմութիւնը Կովկասի մէջ խաղաղութեան՝ ձեռք ձգելով հօրս ու միւս հայ բանտարկեալներուն ազատ արձակումը»,– նշած է ան։
Դաւիթ Վարդանեան յիշեցուցած է, թէ մինչ նախագահ դառնալը Թրամփ նախընտրական քարոզչութեան ընթացքին խոստացած էր պաշտպանել հալածուած քրիստոնեաները, ի շարս որոնց՝ հայերը։
ԱՄՆ-ու նախագահը անցեալ Հոկտեմբերին քննադատած էր իր դեմոկրատ մրցակից, այն ժամանակ փոխնախագահ Քամալա Հարիսը՝ մեղադրելով, որ ան ոչինչ ըրաւ երբ 120 հազար հայ քրիստոնեաներ դաժանօրէն հալածուեցան եւ բռնի տեղահանուեցան Արցախէն։
«Անոր ազգային հարցերու անվտանգութեան խորհրդականը նոյնպէս կոչ ըրած է ազատ արձակելու հայ քաղաքական բանտարկեալները: Ահաւասիկ այսպիսի աջակցութիւնն ու ճնշումն է, որ ի վերջոյ յաղթանակ պիտի տանի»,– գրած է Վարդանեան կրտսերը։
Արցախի նախկին Պետական նախարարի որդին յայտարարած է, որ հայրը քաղաքական բանտարկեալ դարձած է՝ «Արցախի հայերու՝ իրենց նախնիներու հայրենիքին մէջ ապրելու իրաւունքը պաշտպանելուն համար»։
«Աւելի մտահոգիչ է այն, որ քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու գնահատումով՝ Ազերպայճանի մէջ այժմ կը պահուին նաեւ աւելի քան 300 քաղաքական բանտարկեալներ, որոնց թիւը վերջին ամիսներուն աւելցած է»,– ընդգծած է ան։
Երեւան կը խուսափի հրապարակաւ ըսելէ, թէ յստակ ի՛նչ կ՚ընէ՝ հայ գերիները հայրենիք վերադարձնելու համար։ Իշխանութեան ներկայացուցիչները իրենց այդ կեցուածքը կը պատճառաբանեն գերիներուն վնաս չհասցնելու մտադրութեամբ: Հայաստանի կառավարութիւնը հայ գերիներու հարցին շուրջ 2023-ին դատական բողոք ներկայացուցած է Արդարադատութեան միջազգային ատեան, որու քննութիւնը տակաւին կը շարունակուի: Բայց Երեւանի ու Պաքուի միջեւ միաժամանակ համաձայնութիւն գոյացած է, որ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումէն ետք երկու կողմերը պէտք է հրաժարին մէկզմէկու դէմ ներկայացուած միջազգային դատական դիմումներէն:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։