«Ձեւաւորման ոստան»-ը (Cité du Design) կը կազմակերպէ Մայիս 22-էն մինչեւ Յուլիս 6, Ձեւաւորման միջազգային 13-րդ երկամեան (Biennale Internationale Design) Սէն թ՚Էթիէնի մէջ, որ զուգորդուած է Սիւնիքի Կապան քաղաքին հետ։
Այս տարի, Հայաստան պիտի պատուուի որպէս գործընկեր երկիր։
Այս առիթով, Հայաստանի մէջ գեղարուեստական ստեղծագործութեան նուիրուած օր մը տեղի պիտի ունենայ Մայիս 22, ժամը 15.30-19.30 (Cité du Design, Auditorium de l’ESAD Saint-Etienne)։
Այս ձեռնարկին պիտի հետազօտուին հայկական ստեղծագործութեան գործելակերպերը՝ ներկայ տնտեսական, աշխարհաքաղաքական, կրթական եւ ընկերային մարտահրաւէրներուն դիմաց։ Բազմաթիւ հայ ձեւաւորողներ յատկապէս այս առիթով պիտի գան, իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար։
Յայտագրին մաս կը կազմեն՝ Կլոր սեղան (15.30-17.00) եւ Նորա Մարտիրոսեանի «Երբ որ քամին հանդարտի» ֆիլմի ցուցադրութիւն (17.30-19.30)։
Մուտքը ազատ է։ Եկէ՛ք մեծ թիւով մասնակցելու այս կարեւոր իրադարձութեան։
Արձանագրուելու համար՝ https://citedudesign.tickeasy.com/fr-FR/armenie
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։