Հունգարական Wizz Air օդանաւային ընկերութիւնը յայտարարած է Հոկտեմբերէն սկսեալ Հայաստանէն դէպի եւրոպական 6 երկիրներու 8 քաղաքներ նոր թռիչքներ սկսելու մասին։
Լուրը կը հաղորդէ ընկերութիւնը Դիմագրքի իր էջին գրառումով։
«Գիները կը սկսին ընդամէնը 29,99 եւրոյէն։ Սա նոր մեծ քայլ մըն է ճամբորդութիւնները բոլորին համար աւելի մատչելի դարձնելու համար»,– յայտարարած է օդանաւային ընկերութիւնը։
Wizz Air Երեւանէն թռիչքներ պիտի կատարէ հետեւեալ ուղղութիւններով. Համպուրկ, Մեմինկեն (Գերմանիա), Նափոլի, Պառի (Իտալիա), Պուքրէշ (Ռումանիա), Փաֆոս (Կիպրոս), Նիս (Ֆրանսա), Փրակա (Չեխիա)։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։