Մայիս 9-ին, Կարդինալական պապընտիր դռնփակ ժողովը ընտրեց կաթողիկէ եկեղեցւոյ 267-րդ քահանայապետը յանձին ամերիկացի կարդինալ Ռոպըրթ Ֆրենսիս Փրեվոսթի։ Ան ընտրած է Լեւոն ԺԴ. անունը։ Բարի լուրը աւետեց Նախասարկաւագ կարդինալը` Տոմինիք Մամպերթի։
Նոր Քահանայապետը կը պատկանի Ակոսթինեան միաբանութեան։
Շիքակօ (ԱՄՆ) ծնած 70-ամեայ Պապը իր հոգեւոր կեանքին մեծ մասը անցուցած է Փերուի մէջ եւ կարդինալ դարձած է 2023-ին:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։